2013-01-09 12:31:41

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 9 յունուար 2013-ի առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Իր արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ''մարդեղութեան'' խորհուրդի մասին.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ''մարդեղութիւն'' բառը յաճախ կը հնչէ մեր եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Ծննդեան շրջանի ընթացքին - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու հարց տուաւ. Ի՞նչ է անոր նշանակութիւնը։

Զայն բացատրելու համար Անտիոքացի Սուրբ Իքնատիոսը եւ Սուրբ Իրէնիոսը հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կը ներկայացնեն մեկնելով Սուրբ Յովհաննէսի աւետարանի ''Բանը Մարմին Եղաւ'' հատուածէն։
''Բան'' բառը կը նշէ մարդը իր ամբողջութեամբ։Աստուած մարդացաւ մեզի տալու համար իր Աստուածութիւնը եւ Իրեն զաւակները ըլլալու կարելիութիւնը։ Ահա Սուրբ Ծննդեան մեծ պարգեւը։

Իր Զաւկին միջոցաւ Աստուած ինքզինք պարգեւեց մեզի։ Ու մեզի ցոյց տուաւ ''Նուիրումի'' նշանակութիւնը որ պէտք չէ նիւթականի վերածուի։ Այն անձը որ ի վիճակի չէ ինքզինքէն քիչ մը նուիրելու ուրիշներուն միշտ քիչ կը տայ։
Մեր հաւատքը ոչ միայն մեր հոգին ու մեր սիրտը կը ներգրաւէ այլ մեր ամբողջ կեանքը։
Մարմնացած Բանը սկզբանէ Աստուծոյ մօտ էր։ Անոր միջոցաւ ամէն ինչ ստեղծուեցաւ։ Անոր մարդեղութիւնը նոր արարչութիւն մը իրականացուց։ Քրիստոսը Նոր Ադամն է որ մարդը մարդուն կը յայտնէ ու անոր ցոյց կու տայ իսկական իր դէմքն ու կոչումը։

Սիրելի բարեկամներ Սուրբ ծննդեան այս շրջանի ընթացքին, խորհրդածենք մարդեղութեան մեծ խորհուրդի հարստութեան մասին։ Թոյլ տանք Աստուծոյ որ մեզ բարեփոխէ մեզ իր որդւոյն նմանութեամբ որ մեզի համար մարդ դարձաւ։

Իր ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։

''Եկող կիրակի - յարեց Նորին Սրբութիւնը - կը տօնախմբենք Տիրոջ մկրտութեան տօնը, պատշաճ առիթ մը` խորհրդածելու Քրիստոսի ու Անոր եկեղեցւոյ հաւատքին մեր պատկանելիութեան մասին։

Սիրելի երիտասարդներ` վերագտէք ձեր առօրեային մէջ շնորհքը որ ընդունեցաք մկրտութեան խորհուրդով։ Դուք սիրելի հիւանդներ, մկրտութեան խորհուրդին մէջ գտէք ույժը դիմագրաւելու համար վհատութեան եւ ցաւի պահերը եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ գիտցէք մկրտութեան յանձնառումը իրականացնել ձեր ընտանեկան կեանքի ճանապարորդութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.