2013-01-09 13:04:15

Հայաստան Կը Մասնակցի "Vakantiebeurs 2013" Զբօսաշրջային Միջազգային Ցուցահանդէսին։


Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը Յունուար 8-13′ տեղական զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ համատեղ’ Հայաստանը կը ներկայացնէ Հոլլանտայի Ութրեխտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Vakantiebeurs’ 2013» միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին: Հեղինակաւոր այս ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցին զբօսաշրջային ոլորտի շուրջ 1400 ներկայացուցիչներ:
Հայկական տաղաւարը այցելուներու եւ մասնակիցներու կողմէ կ’արժանանայ աննախադէպ հետաքրքրութեան:
Նկատի ունենալով հոլլանտացի զբօսաշրջիկներու կողմէ հայկական զբօսաշրջային արդիւնքներու նկատմամբ ձեւաւորուած պահանջարկը եւ անով պայմանաւորուած զբօսաշրջային հոսքերու աճի հանգամանքը` հարկ է նշել, որ Ուքրանիոյ միջազգային թռիչքուղիներու (UIA) կողմէ այս տարուան գարնան նախատեսուելիք "Երեւան-Ամսթերտամ-Երեւան" Քիեւի միջոցով կանոնաւոր (շաբաթական 4 անգամ) չուերթները պիտի սպասարկեն զբօսաշրջային աճող հոսքերը: Կը նախատեսուի, որ երկկողմանի ուղեւորութեան տոմսի արժէքը պիտի կազմէ շուրջ 370 Էուրոյի համարժէք դրամ: Զբօսաշրջային խումբերու համար պիտի գործեն յատուկ սակեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.