2013-01-09 13:03:26

ԳՈՀԱՐ-ի Ամանորեայ Նուէրները


ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիք Նուագախումբի եւ Երգչախումբի հարաւ-ամերիկեան համերգներէն գոյացած հասոյթէն մօտաւորապէս 150,000 ԱՄՆ տոլար կը յատկացնէ տեղւոյն մէջ գործող հայկական զանազան վարժարաններու, մշակութային և հասարակական ծրագիրներու, ուսուցիչներու և անհատներու, որոնք ԱԲԳ, մշակոյթ եւ երգ-երաժշտութիւն ջամբած են տարիներ շարունակ:
ԳՈՀԱՐ, անսալով իր տարիներու սկզբունքին եւ հաւատալով, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել իր մշակոյթով, անգամ մը եւս իր համերգներէն գոյացած ընդհանուր գումարը նուիրեց Հայ ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման ճիգերուն:
ԳՈՀԱՐ, անդրադառնալով նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ճգնաժամին, այս տօնական օրերուն, հարաւ-ամերիկեան համերգային շրջագայութենէն զգալի գումար մը՝ 50,000 ԱՄՆ տոլար կը նուիրէ սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներու, որպէսզի շարունակեն իրենց տարիներու հայապահպանման երթը այս տագնապալի օրերուն: ԳՈՀԱՐ կը շարունակէ իր նուիրաբերումը Հայ ազգային արժէքներու պահպանումին:








All the contents on this site are copyrighted ©.