2013-01-08 14:41:19

Միացեալ Նահանգներ։ Գաղթականութեան Ազգային Շաբաթ։


6 - 12 յունուար 2013 Միացեալ նահանգներու Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասը կազմակերպած է գաղթականութեան նուիրուած ազգային շաբաթ մը որուն ընթացքին կազմակերպած է նաեւ քայլարշաւ մը կառավարութենէն խնդրելով ներգաղթի վերաբերող քաղաքական բարեփոխումներու ներդրումը։
''գաղթականութեան շաբաթը եկեղեցւոյ համար առիթ մըն է անդրադառնալու եւ խորհրդածելու՝ գաղթականութեան պահանջքներու շուրջ'' յայտարարած է Լոս Անճէլըսի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Խօսէ Կոմէզ, Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի գաղթականներու խորհուրդի նախագահը։
Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հինգ կէտերու մէջ ամփոփած է բարեփոխումներու առաջարկը։ Ոչ օրինաւոր գաղթականներուն կամ փախստականներուն սահմանել քաղաքացիութիւն ստանալու ընթացք մը, ապահովել ընտանիքի միասնականութիւն եւ ներգաղթողներու համար որակաւոր աշխատանք, վերարծարծել պաշտպանողական գոծընթացք մը գաղթականութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս եւ դիմագրաւել գաղթականութիւնը յարուցող հարցերը որոնք հետեւանքն են հալածանքի եւ տնտեսական անհաւասարութեան։
՜՜Գաղթականութեան Ազգային Շաբաթ՝՝ ձեռնարկը կը վայելէ Ամերիկացի եպիսկոպոսներու հովանաւորութիւնը, եւ գոյութիւն ունի քառորդ դարէ ի վեր ։








All the contents on this site are copyrighted ©.