2013-01-08 14:42:15

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի ''Օգթավա Տիէս'' Շաբաթական Խմբագրականը:


Մոգերն ու հաւատքը

Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ խմբագրականը նուիրած է Մոգերուն ու հաւատքին։
Յիսուսեան միաբանը կը մէջբերէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հօր ՜՜Յիսուսի Մանկութիւնը՝՝ գիրքէն առնուած՝ հատուածներ որոնք կը խօսին ՜՜Մոգերու՝՝ մասին զանոնք ներկայացնելով որպէս ''Ներքին մտատանջութեամբ Մարդիկ'', ''փիլիսոփաներ, այսինքն իմաստութեան բարեկամներ որ գիտական իմացականութենէն անդին կը փնտռեն հասկացողութիւնը...''։
Ովքե՞ր են մոգերը, հարց կու տայ Սրբազան Հայրը ու կը պատասխանէ ''Անոնք դէպի Քրիստոս ընթացող մարդկութիւնն են, ու կը ներկայացնեն մարդկային հոգւոյն ներքին սպասումը, կրօններու եւ իմացականութեան ընթացքը հանդիպելու՝ Քրիստոսին։
Հայր Լոմպարտին հուսկ՝ շեշտը կը դնէ ''Հաւատոյ Տարուան'' որուն ընթացքին կը գրէ. ''մոգերը կրնան ու պէտք են մեզի ընկերակցիլ'' ։ Ապա ան կը հաստատէ որ ''հաւատքը միշտ նորոգուած փնտռտուքի ուխտագնացութեան հոգին է'' ու կ՛աւելցնէ ''հաւատքը յոյսի մէջ ուղեւորութիւն մըն է'' ու ապա կ՛եզրափակէ ''մոգերը պարգեւատրուեցան մեծ ուրախութեան աղբիւր սքանչելի հանդիպումով, ինչու մենք եւս նոյնը չյուսանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.