2013-01-08 12:42:00

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Յ.Աբրահամեան Պրիւքսէլ Կը Մեկնի։


ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի պաշտօնական հրաւէրով այսօր կը մեկնի Պրիւքսէլ: Այս մասին կը հաղորդեն ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Պատուիրակութեան մէջ են ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան, ԱԺ պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Կորիւն Նահապետեան, ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ սփորթի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Դաւթեան, ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեան, ԱԺ պատգամաւորներ Սամուէլ Ֆարմանեան, Վահէ Էնֆիաճեան, Խաչիկ Յարութիւնեան, ԱԺ աշխատակազմի ղեկավար Գուրգէն Տումանեան եւ ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Զոհրապ Մնացականեան:
Յունուար 9-ին ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան պիտի հանդիպի Եւրոպական հարեւանութեան եւ ընդլայնման քաղաքականութեան հարցերով ԵՄ յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի, Պելճիքայի Թագաւորութեան Ծերակոյտի նախագահ տիկին Սապին տէ Պեթիւնի եւ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ պարոն Անտրէ Ֆլաոյի, ԵԽ ԵԺԿ խմբակցութեան ղեկավար Ժոզեֆ Տոլի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի Եւրոխորհրդարանի ՝՝ԵՄ-ՀՀ ՝՝բարեկամութեան խումբի ստեղծման արարողութեան:
Յունուար 10-ին ԱԺ նախագահը պիտի հանդիպի Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմբուի հետ, պիտի այցելէ հայկական եկեղեցի եւ ծաղկեպսակ դնէ Հայոց Եղեռնի Զոհերու Յուշարձանին:
Միշտ Յունուար 10-ին ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի վերադառնայ Հայաստան:








All the contents on this site are copyrighted ©.