2013-01-07 12:46:18

Սուրոյ Նախագահ Պաշար Ասսատի Ելոյթը։ Ասսատ Ճգնաժամէն դուրս գալու նախագիծ Կ՝առաջարկէ ։Իսկ Արաբական Գարունը ՝՝ Օճառի Պղպջակ՝՝ կը Համարէ։


Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասսատ երկրի ժողովրդին ուղղուած իր կոչին մէջ երկիրը ճգնաժամէն դուրս բերելու նախագիծ ներկայացուցած է , սակայն կը հրաժարի բանակցելէ ընդդիմութեան հետ։ Ան առաջարկած է ճգնաժամէն դուրս գալու հանգրուանային նախագիծ մը՝ ներառեալ նոր կառավսրութեան մը ստեղծում՝հիմնուած ազգային երկխօսութեան վրայ։
՝՝ Առաջին փուլը ճգնաժամէն դուրս գալու կը կայանայ օտար պետութիւններու կատարած ֆինանսական օժանդակութեան ՝՝դադրեցումի մէջ՝՝ ահաբեկիչներուն։ Իսկ երկրոդ փուլը կը հանդիսանայ ազգային երկխօսութեան սկիզբը։ Երրորդը՝ Նոր Կառավարութեան մը ստեղծումը (ըսած է Սուրիոյ Նախագահը) ։Բայց Ասսատ կը հրաժարի բանակցելէ Ընդդիմադիր ուժերու հետ։
՝՝ Մենք չենք բանակցիր մարիոնետներու հետ, ստեղծուած Արեւմուտքի կողմէ։ Նախագահի խօսքերով Կառավարութիւնը հետաքրքրուած է ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորմամբ,սակայն կառավարութիւնը դեռ չունի գործընկերներ ՝՝այդ՝՝ իրագործելու համար։ ՝՝ Մենք պէտք է շարունակենք փնտռել քաղաքական ելքեր ներկայ դժուար իրավիճիճակին (ըսած է Ասսատ)։
Իսկ անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի ՝՝ արաբական գարնան՝՝ալիքին,Պաշար Ասսատ ՝՝այդ՝՝ Արեւմուտքի կողմէ ստեղծուած կեղծիք համարած է եւ ըսած՝ Այդ գարունը ՝՝ օճառի պղպջակ է որ շուտով կ՝անհետանայ՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.