2013-01-07 15:46:25

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ունկնդրութիւն Շնորհեց Սուրբ Աթոռի Մօտ Հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի Անդամներուն։


Երկուշաբթի 7 յունուար 2013, առաւօտեան ժամը 11ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի անդամներուն, որոնց (ինչպէս ամէն տարի) յայտնեց Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի իր մաղթանքները։
Նշենք որ Սուրբ Աթոռը դիւանագիտական կապեր հաստատած է աշխարհի 179 երկիրներուն հետ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը որ 2012ին նշեց սոյն դիւանագիտական կապերու 20րդ տարեդարձը։
Սուրբ Աթոռը կապեր հաստատած է նաեւ Եւրոմիութեան հետ ու այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ ինչպէս ՄԱԿ-ը ու անոր մասնաճիւղերը։
Յետ միջօրէին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց նորօծ եպիսկոպոսներ` գերապայծառ Վինչէնցօ Ծանի, եւ Գերապայծառ Կէորկ Կանզուէյն ու անոնց ընտանեկան պարագաները։

Սուրբ Աթոռի Մօտ Հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի Անդամներուն հետ ունեցած Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց որուն մէջ ամանորի սեմին այս հանդիպումին առթիւ յայտնեց իր խնդակցութիւնը ։ Ձեր ներկայութիւնը - ըսաւ Սբազան Հայրը - զգալի ու գնահատելի նշան մըն է այն արդիւնաւէտ յարաբերութիւններուն որ, համայն աշխարհի մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցին կը մշակէ քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ։ Երկխօսութիւն մը` որ կը ձգտի իւրաքանչիւր մարդու հոգեւոր ու նիւթական կատարեալ բարիքին, եւ որուն կէտնպատակն է նպաստել վերացական արժանապատութեան զարգացումին։
Պենետիկտոս ԺԶ մատնանշեց ապա կարդինալական վերջին ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին որուն մէջ ընդգծած էր թէ '' եկեղեցին սկզբանէ կ՛ընդգրկէ ամբողջ տիեզերքը'' ու անոր հետ ամէն ազգ, մշակոյթ եւ աւանդութիւնըջ։ Այս կողմնորոշումը զանազան ընկերութիւններու կեանքին մէջ միջամտութիւն մը չէ, այլ կը ծառայէ անոնց քաղաքացիներուն խիղճերը լուսաւորելու ու զանոնք հրաւիրելու աշխատիլ` ամէն անհատի ու մարդկային ցեղի յառաջացումի ի սպաս։
Սրբազան Հայրը ակնարկեց հուսկ զանազան Պետութիւններու նախագահներու վատիկան կատարած այցելութիւններուն ու 2012-ի իր կատարած առաքելական ճամբորդութիւններուն` Մեքսիքօ - Գուպա եւ Լիբանան։
Այսօր շատ անգամ մղուած ենք մտածելու թէ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը անիրագործելի գաղափարականներ են ու փոխադարձաբար զիրար կը բացառեն։ Ճշմարտութիւնը ճաչնալը անկարելի կը թուի ու ճշմարտութիւնը հաստատելու ջանքերը բռնութիւն կը յարուցեն։ Միւս կողմէ խաղաղութեան ի սպաս յանձնառումը դարձած է լոկ փոխզիջումներու փնտռտուք մը ժողովուրդներու միջեւ համակեցութիւնը ապահովցնելու նպատակով։ Աստուծոյ մորացումն է որ յաճախ բռնութիւններ կը յառաջացնէ - յարեց Սրբազան Հայրը - ու նշեց 2012 տարեշրջանի ընթացքին շատ մը երկիրներու մէջ կրօնական ծայրայեղութեան արձանագրած զոհերը։ Ան ապա ակնարկեց Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ յղած իր պատգամին որուն բնաբանն է ''երանի խաղաղարարներուն'' հաստատելով որ ամէնէն առաջ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններէն պահանջուած պարտականութիւնը խաղաղութեան ի խնդիր գործելն է։ Ան նշեց Միջին Արեւելքը խօսելով յատկապէս Սուրիոյ իրավիճակի մասին ու դարձեալ զինադադարի կոչ ուղղեց ու հրաւիրեց կողմերը երկխօսութեան դիմելու։ Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Սուրբ Երկրի իրավիճակին յոյս յատնելով որ Երուսաղէմը դառնայ ''խաղաղութեան եւ ոչ բաժանումի'' քաղաք։ Ան ապա յիշեց Իրագը ու մաղթեց որ հաշտութեան գործընթացը շարունակուի։ Ակնարկեց Լիբանան կատարած ճամբորդութեան ուր ''կրօնական աւանդութիւններու բազմազանութիւնը իսկական հարստութիւն մըն են երկրին ու համայն տարածաշրջանին համար'' ու յորդորեց քրիստոնեաները ըլլալ վկաներ ''ապագայի խաղաղութեան կերտումին բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց հետ''։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա ակնարկը ուղղեց Ափրիկեան ցամաքամասին ու յատկապէս Եգիպտոսիին։ Նշեց Գոնկոյի, Նիճէրիայի ու Մալիի իրողութիւնները ու վերահաստատեց թէ ''խաղաղութեան կառուցումը կը հիմնուի մարդու անվտանգութեան ու անոր հիմնական իրաւունքներու վրայ''։ Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ ''վիժումի'' եւ ''հեշտամահի'' ծանր հարցերու մասին ներկայացնելով Եկեղեցւոյ ''տեսլակէտը''։
Ան ապա խօսեցաւ ''դաստիարակութեան'' կարեւորութեան մասին, որպէս խաղաղութեան կառուցման միջոց։ Ու ապա ակնարկեց թէ ''ընկերային խաղաղութիւնը վտանգուած է կրօնական ազատութեան դէմ գործուած բռնարարքներու պատճառաւ'' ու աւելցուց ''սահմանները միշտ աւելի ազատ աշխարհի մը մէջ երկխօսութեան միջոցաւ խաղաղութեան կերտումը լոկ ընտրանք մը չէ այլեւ պահանջ։''

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր երկարաշունջ ճառը եզրափակեց վերարծարծելով երջանկայիշատակ ՅՊԲ -ի ''խաղաղութիւն երկրի վրայ'' - Pacem in terris, շրջաբերական թուղթը որուն 50 ամեակը կը նշուի այս տարի ու արտասանելով իր նախորդին խօսքերը ըսաւ. ''Ձեզի կ՛իյնայ ըլլալ մարդոց միջեւ խաղաղութեան ու կարգի նախաձեռնողներ։ Բայց մի մոռնաք որ երկրի վրայ խաղաղութեան ու կարգի մեծագոյն հեղինակը Աստուած է''։ Հուսկ բոլոր ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն փոխանցեց Նոր տարուայ իր բարեմաղթութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.