2013-01-07 12:37:31

Կարդինալ Թոռան Կը Խնդրէ Շարունակել Միջկրօնական Երկխօսութիւնը


Կարդինալ Թոռան Կը Խնդրէ Շարունակել Միջկրօնական Երկխօսութիւնը Ու Չվհատիլ Քրիստոնեաներու Կրած Հալածանքին Ու Բռնութեան Ի Տես։
Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարդինալ Թոռան, Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով յատնած է այն համոզումը որ հարկաւոր է շարունակել միջկրօնական երկխօսութիւնը զանազան կրօներու պատասխանատուներու հետ, հակառակ որ ամէն հինգ վայրկեան քրիստոնեայ մը, իր հաւատքին պատճառաւ, կը սպաննուի ու կը նահատակուի աշխարհի մէջ։
Կարդինալը իր ելոյթին ընթացքին դատապարտած է կարգ մը մահմետականներ որոնք կը շահագործեն կրօնքը արդարացնելու բռնարարքները ու մարդասպանութիւնը, ինչպէս է պարագան Նիճերիոյ ու Եգիպտոսի։
Կարդինալ Թոռանը ցաւով կը յայտնէ որ Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանի հետ երկխօսութիւնը խզուած է, ալ Ազհար կը նկատուի սիւննի մահմետականներու մեծագոյն հեղինակութիւնը, հաստատելով որ միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի դռները միշտ բաց են անկեղծ ու յարգալի երկխօսութեան համար։ Հուսկ ան յարեց որ ծայռայեղ մահմետականներու բռնարարքները ու ահաբեկչութիւնը մոռցնել կու տայ իսլամութեան կրօնական ու հոգեւոր ծաւալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.