2013-01-07 13:07:14

Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող(Սուրիոյ սահմանակից) Վագըֆլը Գիւղի Հայերը Կ՝ուզեն Որ Պահուի Իրենց Գիւղի ՝՝ԳԻՒՂ՝՝ Ըլալլու Կարգավիճակը։


Վերջերս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ընդունուած Մայր Քաղաքապետութիւններու Օրէնքը, որ բազմաթիւ քաղաքապետութիւններու միջեւ նոր հարցեր ստեղծած է, կը յուզէ նաեւ Թուրքիոյ միակ Հայկական Գիւղը նկատուող Վագըֆլը գիւղի բնակիչները։ Նոր օրէնքի լոյսին տակ Վագըֆլը գիւղը պիտի դադրի գիւղ ըլլալէ ու պիտի դառնայ թաղամաս,իսկ վագըֆլըգիւղցիները չեն ուզեր թաղամաս դառնալ,այլ կ՝ուզեն պահել իրենց գիւղին ՝՝գիւղ՝՝ ըլլալու կարգավիճակը։ Տեղացիները 1939էն ի վեր այս գիւղին մէջ կ՝ապրին անդորր կեանք մը եւ որպէս Թուրքիոյ միակ Հայկական գիւղը մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կ՝ունենան ամէն տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.