2013-01-05 12:43:15

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, Ջրօրհնէքի Արարողութիւն Եւ Յիսուսի Մկրտութեան Յիշատակում՝ Հռոմի Մէջ,


Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առթիւ։
Կիրակի 6 Յունուար 2013. մեր տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի Ս Ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօնն է. այս առթիւ Հռոմի Ս Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս պատարագը սկիզբ կ՝առնէ ժամը 10.30-ին, այս առթիւ տեղի պիտի ունենայ նաեւ աւանդական Ջրօրհնէքի եւ Յիսուսի Մկրտութեան արարողութիւնը։
Յաւարտ Սրբազան արարողութեանց Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարանի ճաշասրահը տեղի պիտի ունենայ աւանդական սիրոյ սեղանը որուն հրաւիրուած են հաւատացեալները, ճաշակելու հայկական համադամներ եւ հայկական տօնական ուրախ որ մը անցնելու ընտանեկան մթնոլորտի մէջ։









All the contents on this site are copyrighted ©.