2013-01-05 12:37:13

Ծիսական գիտելիքներ


Ճրագալոյց Ս. Ծննդեան
Այսպէս կը կոչուի Աստուածայայտնութեան նախորդող երեկոյեան արարողութիւնը:
Ճրագալոյցը բարդ բառ մըն է, «ճրագ լուցանել (վառել)», որովհետեւ եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան բազմաթիւ լապտերներ ու կանթեղներ կը վառին եւ պատարագ կը մատուցուի, որուն ընթացքին բոլոր հաւատացեալները վառող մոմեր կը բռնեն: Ճրագալոյցի լապտերներու եւ մոմերու լոյսը կը խորհրդանշէ այն հոգեւոր լոյսի ճառագայթումը մեր մէջ, որ մեզի պարգեւեց Փրկիչը իր տնօրինութիւններով:
Ջրօրհնէք
Այս արարողութիւնը հաստատուած է ի յիշատակ Քրիստոսի մկրտութեան: Այն կը կատարուի Աստուածայայտնութեան տօնին: Հին ժամանակ ջրօրհնէքը կը կատարուէր գետերու կամ լիճերու ափին, այժմ՝ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագի աւարտին քահանան յատուկ ընթերցուածքներով, քարոզէն եւ աղօթքէն յետոյ խաչով կ’օրհնէ մեծ տակառի մէջ լեցուած ջուրը, Ս. Միւռոն կաթեցնելէ ետք անոր մէջ, որ կը բաժնուի հաւատացեալներուն՝ իբրեւ սրբութեան խորհրդանիշ եւ բժշկութեան միջոց:
Աստուածայայտնութիւն (Սուրբ Ծնունդ եւ Մկրտութիւն)
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տնօրինութիւնները, որոնցմով Ան յայտնուեցաւ
աշխարհին (Գաբրիէլ հրեշտակապետի աւետումը, Յիսուս Մանուկին ծնունդը, ութնօրեայ թլփատութիւնը, հովիւներու եւ մոգերու երկրպագութիւնը, քառասնօրեայ ընծայումը, ինչպէս նաեւ Յորդանան գետին մէջ մկրտուիլը) առաջին դարերուն կը տօնուէին միեւնոյն, Աստուածայայտնութիւն կոչուող մեծ տօնախմբական շրջանին:
Հետագային այս տօնի գրեթէ բոլոր յիշատակները առանձնացան՝ տարուայ մէջ
բաժնուելով ըստ համապատասխան ամիսներու եւ օրերու: Մնացին միայն Ծնունդը եւ Մկրտութիւնը, որոնք ըստ Աւետարանին կատարուեր են նոյն օրը՝ երբ Յիսուս 30 տարեկան էր: Ըստ աւանդութեան այդ օրը Յունուար 6-ն էր:
Աւելի ուշ, Ե. դարուն (451 թուին Քաղկեդոնի մէջ գումարուած չորրորդ Տիեզերական ժողովին որուն Հայաստանեայց Եկեղեցին չմասնակցեցաւ) Յունա-Հռոմէական եկեղեցին, Ծննդեան տօնը եւս անջատեց Մկրտութենէն եւ սկսաւ տօնել Դեկտեմբեր 25-ին (մոռցնել տալու համար այդ օրերու արեւի պաշտամունքը Եւրոպայի մէջ) որ տարածում գտաւ ամբողջ աշխարհին մէջ:
Յովհաննու Կարապետ՝ Այսինքն Յովհաննէս Մկրտիչ ,Կամ Յառաջընթաց Սուրբ Կարապետ։ (Այն որ Քրիստոսէ առաջ եկաւ).
Կարապետ կը նշանակէ «ճամբայբացող»: Յովհաննէս Կարապետը, Յիսուս Քրիստոսի գալուստը վկայած մարգարէներէն վերջինն է որ նաեւ մկրտեց զԱյն այնուհետեւ
կոչուելով «Յովհաննէս Մկրտիչ»: Ան մեծ համբաւ ունէր իր ապաշխարհութեան քարոզչութեամբ եւ իրեն հետեւորդներու մկրտութեամբ: Իր հանդէպ յարգանքը այնքան մեծ եղած է որ իր հետեւորդները հարց կու տային թէ արդեօք ի՞նքն էր Քրիստոսը: Յիսուս Յովհաննէսի մասին ըսաւ թէ աւելի մեծ մարդ գոյութիւն չունէր, սակայն Երկնքի մէջ, վերջինն իսկ իրմէ աւելի մեծ պիտի ըլլար:

Սուրբ Ծնունդի Մասին Գրի Առնուած Խորհուրդ Մեծ Շարականը։
Սուրբ Ծնունդի մասին գրուած Խորհուրդ Մեծ Շարականը կը հնչէ ամէն տարի աւետելու համար Յիսուսի ծնունդը: Այս շարականին հեղինակն է Մովսէս Քերթող Հայրապետ եւ զայն գրած է 441 թուականին:
Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի
որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ.
Հովիւք երգեն ընդ հրեշտակս,
տան աւետիս աշխարհի:
Ծնաւ նոր արքայ
ի Բեթղեհեմ քաղաքի.
Որդիք մարդկան օրհնեցէ՛ք,
զի վասն մեր մարմնացաւ:
Անբաւելին երկնի եւ երկրի
ի խանձարուրս պատեցաւ.
Ոչ մեկնելով ի Հօրէ՝
ի սուրբ այրին բազմեցաւ:
* * *
Սքանչելի եւ մեծ խորհուրդ է,
որ այսօր յայտնուեցաւ.
Հովիւները հրեշտակներու հետ կ’երգեն,
աշխարհին աւետիս կու տան:
Ծնաւ նոր արքայ
Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ.
Ով ժողովուրդ, մարդիկ, օրհնութիւն տուէք
որովհետեւ Ան մեզի համար մարմնացաւ:
Երկնքին եւ երկրին վրայ Անբաւելին
խանձարուրներու մէջ փաթթուեցաւ.
Առանց բաժնուած ըլլալու Հօրմէն
սուրբ մսուրին մէջ բազմեցաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.