2013-01-05 13:17:27

Գերապայծառ Կէորկ Կանզուէյն 6 Յունուարին Կը Ստանայ Եպիսկոպոսական Օծումը Այլ Երեք Եկեղեցականներու Հետ Միասին։


Գերապայծառ Կէորկ Կանզուէյն, Սրբազան Քահանայապետի յատուկ քարտուղար եւ Քահանայապետական տան կառավարիչը 6 յունուարին կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ։
Ան ծնած է Գերմանիոյ Վալտշատ շրջանի մէջ 30 յուլիս 1956-ին։ 27 տարեկանին - 1984ի մայիս 31 ին - Գերապայածառ Կէորկ քահանայ կը ձեռնադրուի եւ 1995-ին հռոմ կը փոխադրուի ուր սկիզբնական շրջանին կ՛աշխատի Աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման Քահանայապետական Ժողովի մէջ ու ապա կ՛անցնի Հաւատոյ տարածման Ժողով։
20 Ապրիլ 2005-էն ի վեր, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ընտրութենէն ետք, Հայր Կէորկ կը դառնայ Սրբազան Հօր յատուկ քարտուղարը։
Անցեալ 7 դեկտեմբերին Սրբազան Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ Քահանայապետական Տան Կառավարիչ։
Կիրակի 6 Յունուարին Աստուածայայտնութեան տօնին օրը Նորին Սրբութիւնը, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին, գերապայածառ Կէորկը ու այլ երեք եկեղեցականներ (Իտալացի Գերապայծառ Վինչէնցօ Ծանի, ''կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովի'' կառավարիչ, Նիկերեացի Գերապայծառ ֆորդունադուս Նուաչուքւու, Նիքարակուայի առաքելական նուիրակ, ֆրանսացի Գերապայծառ Նիքոլաս Թէվէնին, Կուաթեմալայի առաքելական նուիրակ) եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.