2013-01-04 12:39:34

Սուրբ Երկրի Ի Նպաստ Եպիսկոպոսներու Համադասի Տարեկան Այցը.


Շաբաթ 5 յունուարին Բեթղեհէմի մէջ սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ երկրի ի նպաստ եպիսկոպոսներու համադասի տարեկան 8րդ այցը։
Այցելութեան կէտնպատակն է յայտնել տիեզերական եկեղեցւոյ հաղորդութիւնն ու զօրակցութիւնը Սուրբ Երկրի տեղական եկեղեցիներուն եւ հզօրացնել շրջանի մէջ խաղաղութեան յոյսը։
Ժողովականները հանդիպում պիտի ունենան Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալի եւ Սուրբ Թոռի Առաքելական Նուիրակի հետ, քննարկելու համար տարածաշրջանի իրավիճակը։
Եւրոպայէն եւ հիւսիսային ամերիկայէն ժամանած եպիսկոպոսներու պատուիրակութեան անդամները պիտի բաժնուին երկու խումբերու։Առաջին խումբը պիտի այցելէ Ամմանի գարիթասի կազմակերպած` Սուրիացի եւ Իրագցի փախստականներու Ճամբարները, մինչ երկրորդ խումբը պիտի այցելէ Կազզան, մօտէն ճանչնալու համար տեղական քրիստոնեայ հասարակութեան իրավիճակը։
Իրենց կեցութեան ընթացքին եպիսկոպոսները առիթը պիտի ունենան հանդիպումներ ունենալու նաեւ Երուսաղէմի մէջ գտնուող` արեւմտեան երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմի հետ, հոգեւոր եւ քաղաքական իշխանութիւններու ու նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Սուրբ Երկրի ի նպաստ Եպիսկոպոսներու Համադասի տարեկան այցը վերջ կը գտնէ յունուար 10-ին, Երուսաղէմի ''Սուրբ Գերեզմանի'' եկեղեցւոյ մէջ ատուցուած հանդիսաւոր Սուրբ պատարագով որուն աւարտին նախատեսուած է նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.