2013-01-04 11:54:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Նոր Եպիսկոպոսներ Կը Ձեռնադրէ։


Յառաջիկայ 6 յունուարին Աստուածայայտնութեան տօնին օրը` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 9-ին Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի մէջ պիտի գլխաւորէ ս. պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին 4 նոր եպիսկոպսներ պիտի ձեռնադրէ յանձինս`
- Գերապայծառ Վինչէնցօ Ծանիի, ''կաթողիկէ դաստիարակութեան Ժողովի'' կառավարիչ,
- Գերապայծառ ֆորդունադուս Նուաչուքույի, Նիքարակուայի առաքելական նուիրակ,
- Գերապայծառ Կէորկ Կանզուէյն, Սրբազան Քահանայապետի յատուկ քարտուղար եւ Քահանայապետական տան Կառավարիչ,
- Գերապայծառ Նիքոլաս Թէվէնին, Կուաթեմալայի առաքելական նուիրակ։
Արարողութեան որպէս համաձեռնադրող կը մասնակցին Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն եւ Կարդինալ Զէնոն Կորոքլէվսքին։
Նոր ձեռնադրեալ եպիսկոպոսներու ներկայացումը պիտի կատաարէ եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարք Ուելլէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.