2013-01-04 11:27:36

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆՔ ԱՆՈՐ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ


(1)
«Յիսուս» բառը անունն է Անոր՝ որ միեւնոյն ատեն Աստուած է եւ մարդ: «Յիսուս» բառը կը նշանակէ «Փրկիչ»: Բայց ո՛չ բախտը, եւ ո՛չ ալ մարդոց դատումը եւ կամ կամքը՝ տուած են Անոր այս անունը, այլ Աստուծոյ հրամանին եւ ծրագրին համաձայն տրուած է ան:
Ստուգիւ, Գաբրիէլ հրեշտակը ըսած էր Մարիամի, աւետելով անոր թէ Աստուածամայր պիտի ըլլար. «Ահաւասիկ պիտի յղանաս եւ պիտի ծնանիս որդի մը, որուն անունը Յիսուս պիտի դնես» (Ղուկ Ա. 31): Յետագային, այս նոյն Հրեշտակը ոչ միայն խնդրեց Ս. Կոյսին փեսայէն՝ Յովսէփէն որ մանուկին այդ անունը տայ, այլ անոր բացատրեց թէ ինչո՛ւ համար պէտք էր այդպէս կոչուիլ. « Յովսէփ, Դաւթի որդի, մի վախնար քովդ առնելու կինդ, Մարիամը, որովհետեւ ան որ իրմէ ծնաւ Ս. Հոգիէն է. պիտի ծնանի որդի մը եւ զայն պիտի կոչես «Յիսուս», որովհետեւ ան է որ պիտի ազատէ իր մեղքերէն (Մատթէոս Ա. 20-21):
Իրաւ է որ Սուրբ Գիրքին մէջ բազմաթիւ անձեր կրած են այս անունը. այսպէս, Յեսու, որդի Նաւեայ, որ յաջորդեց Մովսէսի, եւ որ ունեցաւ միւսին զլացուած առանձնաշնորհութիւնը՝ Աստուծոյ կողմէ Եգիպտոսէն փրկուած ժողովուրդը մտցնելու խոստացուած երկրին մէջ: Նոյնպէս Յեսու, որդի Յոսեդեկ Քահանայապետին:
Բայց այս անունը անհունօրէն աւելի լաւ կը յարմարի մեր Փրկչին. որովհետեւ ան է տուած՝ լոյսը, ազատութիւնը եւ փրկութիւնը, ոչ միայն մէկ ժողովուրդի, այլ բոլոր դարերուն պատկանող մարդոց. ան զանոնք միայն չազատեց անօթութենէ եւ Եգիպտոսի ու Բաբելոնի բռնապետութենէն, այլ զանոնք ազատեց մահուան ստուերէն, որուն մէջ նստած էին. ջախջախեց մեղքին եւ սատանային շղթաները, որոնք այնքան ծանր են, եւ մարդոց վերադարձուց Երկնային Թագաւորութեան ժառանգութիւնը եւ զանոնք դեռ աւելին՝ հաշտեցուց Հօր Աստուծոյ հետ:
«Յիսուս» կոչուած անձերը եղած են միանգամայն նախապատկերները մեր Տիրոջ, Յիսուսի Քրիստոսի, որ մարդկային ազգը լիացուց բոլոր պարգեւներով, զորս յիշատակեցինք: Ասկէ զատ, բոլոր այդ անունները, որոնցմով, ըստ Մարգարէներուն, Աստուած պիտի կանչէր իր Որդին, բովանդակուած են «Յիսուս» անուան մէջ. որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տեսակէտով մը միայն կը նշանակէ փրկութիւնը, զորս Յիսուս պիտի բերէր մարդոց, մինչդեռ «Յիսուս» անունը, առանձինը, կը բացատրէ Փրկչագործութեան բոլոր իմաստը եւ արդիւնքները :
«Յիսուս» անուան աւելցուած է «Քրիստոս» բառը, որ կը նշանակէ «օծեալ»: Այս բառը միանգամայն է պատուոյ տիտղոս մը եւ կը նշանակէ պաշտօն մը: Յատուկ անուն մը չէ, որովհետեւ շատ անձերու տրուած է: Այսպէս, հին ատեն, մեր նախահայրերը «Քրիստոսներ» կը կոչէին քահանաները եւ թագաւորները, որոնք իրենց պաշտօնին վսեմութեան պատճառաւ, Աստուծոյ հրամանով ընդունած էին սուրբ օծումը:
Շարունակելի








All the contents on this site are copyrighted ©.