2013-01-04 12:03:32

Լախտար Իպրահիմիի Դիւնանագիտական Նոր Առաքելութիւնը՝ Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ Գործակցութեամբ։ «Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ Եւ Իպրահիմի Սուրիոյ Հարցը Պիտի Քննարկեն Յունուարի Ընթացքին » Կ՛ըսէ Վիքթորիա Նուլընտ.


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ Միացեալ Նահանգներ – Ռուսիա – եւ Իպրահիմիի միջեւ բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ յունուարի կէսին :
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի եւ ՄԱԿ-ի ու Արաբական Լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի միջեւ բանակցութիւնները տեղի ունենան յունուար ամսուայ ընթացքին », նշեց Նուլընտ:
Պատասխանելով աւելի ճշգրիտ ժամկէտերու մասին հարցումին` ան յիշեցուց Ռուսիոյ մէջ շարունակուող տօնական շրջանը` Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնէն ետք:
Ըստ Նուլընտի, Ուաշինկթըն առաջուան նման կ՛ակնկալէ, որ Ռուսիա իր ազդեցութիւնը օգտագործէ, որպէսզի Ասատը համոզէ հեռանալու քաղաքականութենէն։
Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը հաստատեց Միացեալ Նահանգներու տեսակէտը, ըստ որուն, Ասատ չի կրնար քաղաքական փոխանցման հանգրուանին մասնակցիլ: «Մենք մէկ տարիէ աւելի կը խօսինք այդ մասին եւ ոչինչ փոխուած է: Ասսատ պէտք է հեռանայ», ըսած է Նուլընտ: Ան յիշեցուցած որ ՄԱԿ-ը յայտարարեց, թէ 2011-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ 60 հազար զոհ արձանագրուած է:
Պըրնզի, Պոկտանովի եւ Իպրահիմիի Սուրիոյ հարցով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր դեկտեմբեր 2012-ին` Ժընեւի մէջ:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա պէտք է Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին դերակատարութիւն ունենայ եւ անոր դիտողութիւնները պէտք է նկատի առնուին:
Ան նշեց, որ Թուրքիա սուրիացի ժողովուրդին պահանջներուն կը զօրակցի, սակայն սկիզբէն ի վեր այն կարծիքը ունէր, որ յաւելեալ արիւնահեղութիւնը կանխարգիլելու համար Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին Ռուսիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը կարեւոր է:
Միւս կողմէ Ռուսական քաղաքական աղբիւրներ նշեցին, որ Իպրահիմիի ծրագիրը կը բաղկանայ շարք մը կէտերէ` նախ եւ առաջ բախումներու դադրեցում, միջազգային հովանաւորութեամբ զինադադարի հաստատում, որուն զուգահեռ շարք մը միջազգային դէտերու այցելութիւն, ապա կազմութիւնը «փրկութեան փոխանցման կառավարութեան մը», որուն մաս կը կազմեն ներքին եւ արտասահման գտնուող ընդդիմութեան բոլոր հատուածները, ինչպէս նաեւ Պաաս կուսակցութեան քաղաքական ղեկավարներ, կառավարութիւնը կը ստանձնէ կատարել միջազգային հսկողութեամբ ժողովրդավարական ընտրութիւններ` ոչ աւելի ուշ քան վեց ամիս ետք, որմէ ետք իշխանութեան խաղաղ փոխանցում տեղի կ՛ունենայ»:
Ռուսական աղբիւրները կը նշեն, որ Իպրահիմի յաջողած է ներքին ընդդիմութենէն կարգ մը կողմեր համոզելու եւ Մոսկուա իր վերջին այցելութեան ընթացքին փորձած է այս ծրագիրը ներկայացնել իբրեւ Ժընեւի համաձայնութեան չհակասող ծրագիր մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.