2013-01-04 12:14:22

Թէզէի Հասարակութեան Պատուիրակութիւն մը Պոլիսի մէջ։


Թեզէի հասարակութեան 100 երիտասարդներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը` հասարակութեան Աբբահայր Եղբայր Ալոյիսի գլխաւորութեամբ` Կ.Պոլսոյ Պատրիաք` Բարթողոմէոս Ա.-ի հրաւէրով, այս օրերուն կը գտնուի Թուրքիայ իր մասնակցութիւնը բերելու յառաջիկայ 6 յունուարի Յիսուսի Յայտնութեան Տօնին առթիւ նախատեսուած արարողութիւններուն ու քաղաքի քրիստոնաեներուն հետ միասին աղօթելու։
Իրենց կեցութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները կը մասնակցին զանազան աղօթքի հանդիպումներուն եւ արարողութիւններուն։
Շաբաթ 5 յունուարին, Յսյտնութեան տօնին նախօրեակին, ''վստահութեան ուխտաւորները'' կը մասնակցին ժամասացութեան արարողութեան։ Մինչ ուրաբթ 4 յունուարի երեկոյեան Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Յովհաննէսի Ոսկեբերանի նուիրուած Եկեղեցւոյ մէջ, Թէզէի երիտասարդներն ու անոնց հիւրընկալող ընտանիքները միասնաբար պիտի մասնակցին աղօթքի ու Թեզէի Հոգեւոր երգեցողութիւններով յատկանշուած երեկոյթի մը։
Թէզէի երիտասարդները առիթը պիտի ունենան նաեւ այցելելու քաղաքի կարեւոր վայրեր ինչպէս` Այա Սոֆիան, կամ Պաքըքլիի Վանատունը ուր կը գտնուի Աթէնակորաս Պատրիարքի դամբանը ու այլ վայրեր։
Կիրակի 6 յունուարին նախատեսուած են միջկրօնական հանդիպումներ իսլամ ու քրիստոնեայ երիտասարդներու մասնկացութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.