2013-01-04 14:00:28

Երեւանի Մէջ Սուրիահայերու Ամանորը


Եթէ Անոնք Հայաստանի Մէջ Աշխատանք Չգտնեն Սուրիա Պիտի Վերադառնան
Հալէպահայ Վիգէն Ասլանեան չորս ամիս առաջ ընտանեօք Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած է .ան առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի մէջ կը դիմաւորէ Նոր տարին: Իրենց համար այս Նոր տարին բացառիկ է, սակայն քիչ մը թերի էր բարեկամական շրջանակի առումով:
«Հոս եկած ենք, որպէսզի աւելի ապահով ըլլանք, ասիկա մեր հայրենիքն է։ Հալէպի մէջ աւելի մեծ թիւով հարազատներով կը նշենք Նոր տարին, իսկ այստեղ հարազատները աւելի քիչ են», «Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արսլանեան՝ աւելցնելով, որ եթէ վիճակը քիչ մը կայունանայ Հալէպի մէջ, իրենք պիտի վերադառնան, բայց յաճախ Հայաստան պիտի գան. «Կան աշխատանքի չգոյութեան առնչուած հարցեր, որոնք եթէ լուծուին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ հոս մնալը, մանաւանդ որ ասիկա մեր հայրենիքն է»։
38ամեայ Կարպիս Չիլափոսեանը նոյնպէս առաջին անգամ ըլլալով Ամանորը կը նշէ Հայաստանի մէջ եւ շատ ուրախ է ատոր համար։ «Շատ ուրախ եմ եւ կը փափաքիմ, որ ժողովուրդն ալ ուրախ ըլլայ: Այս տարին ինծի համար նորութիւն էր, քանի որ առաջին անգամ ըլլալով Նոր տարիին Հայաստան կը գտնուիմ եւ շատ ապահով կը զգամ»։ Ըստ անոր, տօնին առնչուած մեծ տարբերութիւններ չկան, սովորութիւններն ու մաղթանքները գրեթէ միեւնոյնն են։ Միայն Հալէպի մէջ երկու օրերու ընթացքին կը նշուի տօնը, ինչպէս նաեւ 1 Յունուարին Ս. պատարագ կը մատուցուի, եւ գրեթէ բոլոր հալէպահայերը կը մասնակցին անոր», պատմած է ան։
Կարպիս նշած է, որ Սուրիոյ մէջ խոզի միսը տարածուած չէ իբրեւ տօնական սեղանի ուտելիք՝ աւելցնելով, որ իրենք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն խմիչքներու տեսականիին։ Պատասխանելով Հալէպ վերադառնալու մասին հարցումին մը՝ Կարպիս յայտնած է, որ կը փափաքի Հայաստան մնալ՝ մաղթելով, որ աշխատանքի առնչուած հարցերը լուծուին։
Երեւանի մէջ գտնուող այլ սուրիահայ երիտասարդ մը՝ Նարեկ Քասարը նշած է, որ՝ ի տարբերութիւն Երեւանի, Հալէպի մէջ Ամանորին եկեղեցի յաճախողներուն թիւը աւելի մեծ կ՛ըլլայ: Ան նաեւ նշած է, որ պատրաստ է մնալ Հայաստանի մէջ, եթէ լուծուին այն բոլոր խնդիրները, որոնք այսօր իրենց համար դժուարութիւններ կը ստեղծեն: Հակառակ պարագային, առաջին առիթով Նարեկ Սուրիա պիտի վերադառնայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.