2013-01-03 13:00:39

Տիգրանակերտի Հայ Աւետարանականները Կը Պահանջեն Իրենց Վերադարձնել Ս. Փրկիչ Եկեղեցին։


«Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչները 1983-ին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գրաւուած Տիգրանակերտի հայ աւետարանականներու եկեղեցին վերադարձնելու համար դիմում ներկայացուցած են:
Դիմումը ներկայացուցած է Տիգրանակերտի աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Ահմեթ Կուվեները, որ «Իհլաս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ եկեղեցին 100-130 տարուան պատմութիւն ունի: 1870 թուականին Տիարպեքիրի մէջ կառուցուած Ս. Փրկիչ եկեղեցին, 1983ին գրաւուած էր Տիարպեքիրի Վագըֆներու շրջանային տնօրէնութեան կողմէ։
«Այդ եկեղեցին այժմ հարիւրէ աւելի հետեւորդներ ունի, սակայն 1983-ին փակուած է` հետեւորդներ չունենալու պատճառաբանութեամբ: Տասնչորս տարի առաջ դիմեցինք, սակայն անիկա չվերադարձուեցաւ: Մենք կ՛ուզէինք ետ ստանալ եւ վերակառուցել զայն: Այդ ժամանակ տանիքը քանդուած էր, եւ այնտեղ հաւ կը պահէին :
Ան յիշեցուցած է, որ թրքական կառավարութիւնը կը խօսի կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն կարելիութիւններ տալու մասին` նշելով, որ իրենց խնդրանքն է, որ իրենք ալ աղօթավայր ունենան:
Միւս կողմէ, Տիարպեքիրի Բողոքական եկեղեցւոյ քարոզիչ Ահմետ Կիւվեներ ըսած է որ քաղաքին մէջ կայ 80 հոգիէ բաղկացած համայնք մը, եւ տուեալ պահուն՝ իրենց ունեցած եկեղեցին բաւարար չէ։ Եթէ նկատի առնուի այն, որ դրացի նահանգներէն ալ այլ բողոքականներ կու գան հոն, ապա ուրեմն աւելի մեծ եկեղեցիի մը կարիքը կայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.