2013-01-03 11:51:06

Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքին Պատգամը Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան Առթիւ` ''քրիստոնեաները խաղաղարարի ու հաշտարարի դերակատար են։


Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ, պատարագ մատուցած է խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Ան ըսած է. Ի՞նչպէս ջերմօրէն չի փափաքիլ խաղաղութիւնը Սուրիոյ համար ու Ղազայի սահամանափակումին վերջը։ Այդ ուղղութեամբ անդադար աղօթենք քաջալերելու բարի կամք ունեցող մարդիկը ամէն ջանք թափելու հաշտութեան ու խաղաղութեան վերահաստատումին համար, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի ու Ս. Երկրին մէջ, մերժելով ատելութիւնը ու յարգելով կրօնական, մշակութային ու պատմական տարբերութիւնները։ Հուսկ Պատրիարքը իր խնդակցութիւնը յայտնեց որ 2013-ին Ս. Երկրի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները միասնաբար պիտի տօնախմբեն Զատիկը յուլիանոսի օրացույցին համաձայն։ Այս նախաձեռնութեան յառած են շրջանի անկլիգաններն ու լիւտերականները։








All the contents on this site are copyrighted ©.