2013-01-01 10:43:08

Մէկ Յունուար 2013 - Խաղաղութեան Համաշխարհային 46րդ Օր։


Երեքշաբթի մէկ յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարի մէջ` Խաղաղութեան համաշխարհային 46րդ օրուայ առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան մատույց գոհաբանական Սուրբ Պատարագ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները։ Յայտնենք որ Խաղաղութեան համաշխարհային 46րդ օրուայ առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ''Երանի խաղարարներուն'' վերտառութեամբ` պատգամ մը ուղղած է ։
Պատգամի նախաբանին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ ''ամէն ամանոր իր հետը կը բերէ ակնկալութիւն եւ իղձ աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու համար։Այդ հեռանկարով, աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած` մարդկութեան Հօր, որ մեզի շնորհէ համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւն, որպէսզի բոլորին համար իրականանայ երջանիկ ու բարգաւաճ կեանքի մը ակնկալութիւնը։
Մեր ժամանակաշրջանը - կը շարունակէ Սրբազան Հայրը - յատկանշուած է համաշխարհականացումով, իր դրական ու ժխտական երեւոյթներով, ինչպէս արիւնալի ընդհարումներով ու բարիքներու անարդար բաշխումով, ու մեզմէ կը պահանջէ վերանորոգ յանձնառում մը հասարակաց բարիքի ու բարգաւաճումի փնտռտուքի ի խնդիր։ Բայց եւ այնպէս - կը հաստատէ Ան - մխիթարական է դիտել, որ խաղաղութեան բազմաթիւ ներգործութիւնները, վկայութիւն մըն են մարդկութեան բնածին կոչումին ձգտելու` խաղաղութեան։ Եւ այս գիտակցութեամբ է որ իմ այս պատգամս ներշնջուած է Յիսուս Քրիստոսի սա խօսքէն. ''Երանի խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին''։
Սրբազան Քահանայապետը պատգամը կ' եզրափակէ զգուշացնելով ''կեղծ խախաղութենէն որ այս աշխարհի երկրպագուները կը խոստանան'' ու մէջբերելով երանելի Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետի խօսքը ''հայցենք Աստուծմէ որ լուսաւորէ ազգերու պատասխանատուները որպէսզի գործեն հոգատարութեամբ իրենց ժողովուրդին բարրօրութեան համար ու պաշտպանեն խաղաղութեան շնորհքը'' կը գրէ ''մեր այս աղերսով կը մաղթեմ որ բոլոր մարդիկը դառնան խաղաղարարներ, այնպէս որ մարդու քաղաքը աճի ներդաշնակ եղբայրակցութեան, բարրօրութեան ու խաղաղութեան մէջ։''








All the contents on this site are copyrighted ©.