Ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2012-ի գիշերը, Պքերքէի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ռայի պատրիարքին
եւ Եունան պատրիարքին ներկայութեան միջեկեղեցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Հանդիպման
ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամներ
եւ քրիստոնեայ համայնքին պատկանող մեծահարուստներ: Հանդիպման նպատակն էր ներկաներուն
պարզել խորհուրդին կատարած դերը Միջին Արեւելքի մէջ եւ քաջալերել, որ անհատ մեծահարուստներ
իրենց նիւթական օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնին խորհուրդի գործունէութեան: Իր խօսքին
մէջ վեհափառ հայրապետը` իբրեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահներէն մէկը
անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն. 1) Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը շրջանին միակ
եկեղեցական կառոյցն է, որուն մաս կը կազմեն շրջանի բոլոր եկեղեցիները: Անոր նպատակն է
գործակցութիւն յառաջացնել եկեղեցիներուն միջեւ, 2) Խորհուրդի գլխաւոր առաջնահերթութիւններուն
կարգին են քրիստոնէական միութեան ամրապնդումը, ընկերային ծառայութիւնը, քրիստոնէական
դաստիարակութիւնը եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը: Ներկայ պայմաններուն մէջ յիշեալ
առաջնահերթութիւնները յատուկ կարեւորութիւն կր ներկայացնեն, 3) Խորհուրդը կամուրջ մըն
է քրիստոնէական աշխարհին մէջ` Միջին Արեւելքի եւ արեւմուտքի քրիստոնէութեան միջեւ: 4)
Խորհուրդը կոչուած է շրջանի եկեղեցիներու հաւաքական կամքը եւ ձայնը ներկայացնելու ընդհանրապէս
շրջանը եւ յատկապէս քրիստոնէութիւնը յուզող հիմնական հարցերու նկատմամբ: Վեհափառ հայրապետի
խօսքէն ետք ելոյթ ունեցան նաեւ Ռայի եւ Եունան պատրիարքները եւ իրենց տեսակէտները յայտնեցին
խորհուրդին գծով` միշտ շեշտելով խորհուրդի գործունէութեան կարեւորութիւնը վեր առնելու
հրամայականը: Յայտնենք, որ այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ առանձին խօսակցութիւն
մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Սուրիան ու Լիբանանը
յուզող հարցերուն առնչութեամբ: