2012-12-31 11:06:42

Շնորհաւոր Նոր Տարի


Յարգելի ունկնդիրներ`
Ռատիովատիկանի Հայկական Բաժնի խմբագրական կազմը, ամանորի առթիւ, կը յայտնէ սրտագին բարեմաղթութիւններ։
Ամէն տարեշրջան որ կ՛անցնի իր հետ կը տանի լաւ ու գէշ իրադարձութիւններ, ու ամէն ամանոր ներշնջումն է նոր յոյսերու եւ նորանոր սպասելիքներու։
Մեր մաղթանքն է որ եկող տարին ըլլայ բարեբեր տարի մը բոլորին։ Թող սէրն ու անդորրութիւնը տիրեն ամէնուրէք։
Թող Քրիստոս` խաղաղութեան թագաւորը նայուածքը ուղղէ տառապող ժողովուրդներուն ու անոնց տայ սրտի մխիթարանք եւ սփոփանք։
Աշխարհը կարիքը ունի խաղաղութեան ու այս կարելի է եթէ մեզմէ ամէն մէկը իր կարելին ընէ ձգտելու անոր։
Բարի երթ եւ ռատիովատիկանի հայակական բաժնի խմբագրական կազմի բոլոր անդամներու կողմէ Շնորհաւոր Նոր տարուայ ամէնաբարի մաղթանքներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.