2012-12-31 10:02:45

2013՝ ՆԵՐՈՒՄԻ ՏԱՐԻ


Այս Նոր Տարուան շեմին՝ ի՞նչ կարելի է ցանկալ կամ մաղթել, որ համապատասխանէ մեր ամենախոր իղձերուն եւ փափաքներուն ։ Կը կարծեմ, թէ ամէնէն կարեւորը՝ լաւ ըլլալն է ինքնիրեն հետ եւ ուրիշներուն՝ շրջապատին հետ։
Լաւ ըլլալ ինքն իր հետ՝ կը նշանակէ ունենալ ներքին անդորրութիւն, քաջառողջութիւն, եւ նիւթական ու բարոյական բարեսրութիւն, կարճ՝ կեանքը ապրելու երջանկութիւն, նոյնիսկ եթէ երբեմն պատահին անախորժ դէպքեր կամ կացութիւններ։
Լաւ ըլլալ ուրիշներուն հետ, շրջապատին հետ՝ կը նշանակէ բարեկամեցողութիւն, ներողամտութիւն, բարեկամութիւն եւ սէր, իսկական սէր եղբայրսիրական, որ կը տապալէ զատողութեան եւ այլամերժութեան պատերը եւ մեզ կը միացնէ ճշմարիտ կապերով ամէն անոնաց հետ, որոնց կը հանդիպինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ։
Այս Նոր տարին արտակարգ դիրք կը ստանայ երկու բացառիկ Հրաւէրներով։ Առաջինը նիւթ ունի Վատիկանի Բ տիեզերական Ժողովքը որուն յիսնամեակը կը տօնենք, եւ երկրորդը՝ Հաւատքի Տարին է, ինչպէս հռչակուած է Բենեդիկտոս ԺԶ պապին կողմէ։
Երկու հրաւէրներ՝ մէկ սեւեռակէտի վրայ կեդրոնացած, այն է՝ խօսիլ Յիսուս Քրիստոսի մասին եւ խօսիլ Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Վատիկան Բ մեզի ուրիշ հորիզոններ ալ կը բանայ, այն է՝ ապրիլ եւ փոխանցել խորապէս այն Հաւատքը որ ընդունած ենք մեր մկրտութեամբ։ Հաւատք մր որ մեզի կ՞օգնէ՝ քալել մեր կեանքի ճամբուն վրայ՝ ամէն մէկ օրը անցընելով վստահութեամբ եւ կորովով։ Հաւատք մր որ անսասան է, քանի որ հիմնուած է յաւիտենական Ժայռին վրայ։

Բայց որպէսզի այս հաւատքը կարենայ դիմագրաւել այն ամէն դժուարութիւնները որ մեր առջեւ պիտի ելլեն առաջիկայ տարուան ընթացքին՝ պէտք է ճշմարիտ կերպով հիւրընկալենք մանուկ Յիսուսը։
Բայց ո՞վ է այս Մանուկը։ Մկրտիչին մայրը՝ Եղիսաբեթ ըսած էր. ,Օրհնեալ ըլլայ որովայնիդ պտուղըե։ Որովայն, այսինքն՝ եբրայերէն ռէհէմիմ, հոն ուր կայ Ողորմութիւնը Աստուծոյ,- ռէհէմ։ Աւելին. Այս Մանուկը ոչ միայն պտուղն է ողորմութեան, այլ մարմնացումն է ինքին Աստուծոյ Ողորմութեան։ Ընդունիլ այս ողորմութիւնը՝ կը պահանջէ հրաժարիլ կարգ մր բաներէ,- ատելութենէ, բռնութենէ, եսասիրութենէ, եւ փոքրոգութենէ, թերահաւատութենէ։

Սաղմոսերգուն հարց կու տայ ինքնիրեն, թէ ուսկի՞ց կու կան ցաւն ու տառապանքը, որ յաճախ մաս կը կազմեն մեր կեանքին։ ,Միթէ Տէրը կը մոռնա՞յ իր գթութիւնը, եւ իր բարկութեան մէջ՝ կը փակէ՞ իր որովայնը ողորմութեանե (Սղմ. ՀԶ)։ Անգամ մը որ ողորմութեան որովայնը փակուած է՝ անպտուղ ամլութիւնը տեղ կ՝առնէ եւ ծնունդ կու տայ ամէն տեսակ չարիքի եւ չարչարանքի որ կը ջախջախեն ահա մեր օրերու մարդկութիւնը։

Մարդ արարածը մոռցած է կամ կամ կը մերժէ ընդունիլ մանուկ Յիսուսը եւ կը փոդձէ քալել մինակը կեանքի ճամբուն վրայ, խորհելով որ իր ուժերը կը բաւեն ամէն ինչի։ Բայց ահազ կը տեսնենք արդիւնքը։ 2012 տարին, օրինակի համար, տարի մը եղաւ արիւնահեղ պատերազմներու եւ ընդհարումներու, պատճառ դառնալով բազմահազար անձերու կորստեան, զոհ՝ ատելութեան եւ մարդկային եսապաշտութեան։

Ս. Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ անընդհատ՝ զօրացնել մեր հաւատքը՝ միշտ եւ միշտ յայտնագործելով եւ դիտելով իսկական Դէմքը Յիսուս Քրիստոսի։ Դէմք մը ողորմութեան եւ ներումի եւ խաղաղութեան։ Ճշմարիտ քիրստոնեան այստեղ կանգ չ՝առներ սակայն։ Պէտք է բաժնեկից դարձնէ նաեւ իր եղբայրակիցը, անոր ալ ցոյց տալով նոյն սուրբ Դէմքը։ ,Ներէ մեզի մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք ալ կը ներենք ամէն անոնց որ մեզի դէմ յանցանք մը գործած ենե։ Ներումը, ուրեմն, կը բաժնենք ներ քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ։

Թող այս Նոր Տարին, 2013-ը, ըլլայ տարի մը փոխադարձ Ներումի՝ ընդմէջ համայն մարդկութեան, որպէսզի ան ըլլայ նաեւ տարի մը խաղաղութեան եւ ողորմութեան։

Հ. Գէորգ ԾՎ Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.