2012-12-30 12:10:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 30 դեկտեմբերի կէսօրին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց խօսքը կեդրոնացնելով ս. գրային ընթերցումներուն եւ ''Սուրբ Ընտանիքի'' վրայ որուն տօնը - ըստ լատինաց - կը յիշատակուի այսօր։
Աստուած այդ ընտանիքը մարդկութեան պարգեւեց - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որպէս տիպար մարդկային եւ ընտանեկան արժէքներուն։
Աստուծոյ Որդին ուզեց ծնիլ ընտանիքի մը մէջ որ առաջին ու անհրաժեշտ վայրն է ուր կ՛աճի մարդը ու անոր մարդկային կապերը։
Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը եւ Սուրբ Յովսէփը օգնեն ծնողները իրենց զաւակները դաստիարակելու ու անոնց փոխանցելու հաւատքը։
Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի մը ու Տիրոջ խաղաղութեան ու լոյսին մէջ ամավերջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.