2012-12-30 11:54:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Թեզէի Երիտասարդներուն ուղղած Խօսքը


Շաբաթ 29 դեկտեմբերի երեկոյեան` Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց Թեզէի համամիութենական շարժումի երիտասարդաց 35րդ հաւաքի առթիւ կազմակերպուած աղօթքի արարողութիւնը։

Աւելի քան 40 հազար երիտասարդներուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ` Սիրելի երիտասարդներ, վստահութեան ուխտաւորներ, բարի եկած էք Հռոմ։

Հոս կը գտնուիք աղօթելու համար Պօղոս ու Պետրոս առաքելապետերու դամբանին վրայ։ Այս քաղաքաին մէջ այս երկու առաքեալենրը իրենց արիւնը տուին Քրիստոսի համար։
Հաւատքը զոր խարխուսած էր զանոնք նոյնն է որ ձեզ մղեց այս ուղեւորութեան։ Այս չորրորդ անգամն է որ եւրոպական այս երիտսարդական հանդիպումը կը կատարուի հռոմի մէջ եւ կրկնելով իմ նախորդիս խօսքը, արտասանուած 1987-ին, ձեզի կ՛ըսեմ ''Քահանայապետը յանձնառու է ձեր հետ, ձեր այս վստահութեան ուխտագնացութեան ճանապարորդութեան`...Ես ալ կանչուած եմ ըլլալու ''վստահութեան ուխտաւոր'' Քրիստոսի անունով։
Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ ինչպէս 70 տարիներ առաջ եղբայր Րոժէի` բողոքական այս հոգեւորականի ջանքերով, ծնունդ առած էր Թեզէի համամիութենական շարժումը ու վեր առաւ այդ ''աւետարանի անխոնջ վկայի'' արաքինութիւնները եւ օրինակելի կենցաղը։
Սրբազան Հայրը ապա դարձեալ հաստատեց կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը` շարունակելու համերաշխութեան ուղեւորութիւնը ձգտելով քրիստոնեաներու երեւելի միութեան ու յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց օրթոտոքս ու բողոքական հոն ներկայ գտնուող բազմաթիւ երիտասարդներուն։

Պենետիկտոս ԺԶ-ը ապա ըսաւ. Այսօր Քրիստոս ձեզի կ՛ուղղէ նոյն հարցումը որ ուղղած էր առաքեալներուն '( դուք ո՞վ կ՛ըսէք թէ ես եմ'' ու Պետրոս պատսխանած էր ''Դուն Քրիստոսն ես Աստուծոյ կենդանի Որդին''։ Քրիստոս ձեցմէ ամէն մեկէն եւս կ՛ուզէ պատասխան մը ստանալ ու այս հարցումին պատասխանելով ձեր կեանքը նոր ու աւելի զօրաւոր նշանակութիւն կը ստանայ։
Շատ անգամ չարը եւ անմեղներու տառապանքը ձեզ տարակոյսի կը մատնեն եւ Քրիստոսին ''Այո'' ըսելը դժուար կը դառնայ։Այս ձեր մարտնչութեան ընթացքին Աստուած ձեզ մինակ չի թողուր։Ան մեզի բոլորիս կու տայ Եկեղեցւոյ հաղորդութեան ուրախութիւնը։

Սիրելի երիտասարդներ - ապա յարեց Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - Քրիստոս ձեզ կ՛ուղարկէ հոն ուր լոյսի պակաս կայ, որպէսզի զայն հասցնէք ուրիշներուն։
Ամէնքդ կանչուած էք ըլլալու փոքրիկ լապտերներ ձեզ շրջապատող աշխարհին համար։ Յոյսով լեցուն ապրեցէք։ Աստուած օրհնէ ձեզ, ձեր ընտանիքները ու ձեր բարեկամները։








All the contents on this site are copyrighted ©.