2012-12-29 10:39:10

Վատիկանի Կարօտեալին Օգնութեան Հասնող Առաքելական Մարմինը 2011-ին Աղքատներուն Բաշխած Է Շուրջ Մէկ Միլիոն Եւրօ։


Կարօտեալին օգնութեան հասնող առաքելական մարմնի պատասխանատու` Գերապայծառ Բոցցօ, Վատիկանի Օսսերվադորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով, յայտնած է որ այս մարմնին գլխաւոր նպատակն է Սրբազան Քահանայապետի անունով ու դիտաւորութեամբ առօրեայ օգնութիւններ բաշխել կարօտեալին ու ինչազուրկին։
2011-ին - յայտնած է գերապայծառը - վերոյշեալ մարմինը ընդառաջելով 7 հազար հոգիներու տնտեսական օգնութեան խնդրանքին բաշխած է շուրջ մէկ միլիոն եւրօ։
Ներկայ տնտեսութեան տագնապը ծնունդ տուած է նոր աղքատութեան մը - հաստատած գերպայծառ Բոցցօ ընգծելով որ նիւթական օգնութեան միջոցաւ Եկեղեցին կ'ուզէ ըլլալ հոգեւոր նշան մը ։
Յայտնենք որ Կարօտեալին օգնութեան հասնող առաքելական այս մարմինը, յանուն Սրբազան Քահանայապետին մագաղաթի վրայ ձեռագրուած օրհնութիւններ կը շնորհէ բոլոր անոնց որոնք դիմում կը կատարեն եւ այդ ժողովուած դրամի միջոցաւ դրամական օգնութիւններ կը բաշխէ ընտանիքներուն ու անհատներուն։ 2011-ին աւելի քան 220 հազար քահանայապետական օրհնութիւններ շնորհուած են հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.