2012-12-29 09:40:06

Թեզէի 35-րդ Եւրոպական Հաւաքի Առթիւ Հազարաւոր Երիտասարդներ Ժամանած Են Հռոմ։


''Վստահութեան'' ուխտագնացութիւն. դեկտեմբեր 28էն - 2 Յունուար 2013, Հռոմ քաղաքը կը հիւրընկալէ Թեզէի 35-րդ եւրոպական հանդիպումը որուն բնաբանն է ''վստահութեան ուխտագնացութիւն հռոմ''։
Աւելի քան 40 հազար երիտասարդներ համախմբուած են Իտալիոյ մայրաքաղաքը աղօթքի, խորհրդածութեան, մտամփոփումի ու հասրակական կեանքի 6 օրեր ապրելու ժողովրդապետութիւններու, ընտանիքներու ու վանատուներու մէջ։
Շաբաթ 29 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 18-ին եւրոպայի զանազան շրջաններէն ժամանած երիտասարդ ու երիտասարդուհիները Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կը համախմբուին աղօթելու` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հետ միասին։ Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ճառ մը կ՛ուղղէ ներկաներուն։
Վեց օրուայ ''վստահութեան'' ուխտագնացութեան առթիւ եղբայր Ալոյիս` Թեզէի համամիութենական հասարակութեան Աբբահայրը չորս առաջադրութիւններէ կազմուած պատգամ մը յղած է.
-Առաջին` Միասնաբար զրուցենք մեր հաւատքի ուղեւորութեան մասին.
-Երկրորդ` Փնտռենք ու՞ր կարելի է Քրիստոսին հանդիպիլ.
- Երրորդ` Հասկնալ ի՞նչպէս ապաւինիլ Աստուծոյ եւ
- Չորրորդ` առանց վախի բացուինք ապագայի եւ ուրիշներուն։
Աղօթքս է - գրած է վանահայրը իր պատգամին մէջ - որ Հռոմի փորձառութիւնը սատարէ հաղորդակցութեան ու առիթ տայ նոր սերունդին ճանչնալու Եկեղեցին որպէս եղբայրակցութեան վայր` ու Յարուցեալ Քրիստոսը որպէս մեզ միացնողը։
Յայտնենք որ Թեզէի եւրոպական հանդիպումները սկիզբ առած են 1978-ին Եղբայր Րոժէ Շուլտսի ջանքերով որ հիմնադիրն է Թեզէյի համամիութենական հասարակութեան։
Հռոմի հանդիպումին աւարտին մի քանի երիտասարդներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը եղբայր Ալոյիսի գլխաւորութեամբ կը մեկնի Թուրքիայ հոն տօնախմբելու Աստուայայտնութեան Տօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.