2012-12-29 11:50:52

«Եգիպտոսի Հետ Համամիտ Ենք, Որ Շրջանի Ժողովուրդները Իրենց Ճակատագիրը Ճշդեն» Կ՛ըսէ Սերկէյ Լաւրով։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Քամել Ամր-ի հետ Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Մոսկուա Գահիրէի հետ համամիտ է, թէ «շրջանի ժողովուրդները պէտք է իրենց ճակատագիրը ճշդեն` առանց արտաքին միջամտութեան»:
Լաւրով ըսաւ, որ «Ռուսիա կը գնահատէ Կազայի մէջ տագնապը լուծելու եւ միջպաղեստինեան տարակարծութիւնները շրջանցելու ձգտող եգիպտական ջանքերը»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ երկու կողմերը քննարկած են սուրիական տագնապի հարցը եւ հաստատած, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները պէտք է դադրին եւ Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ լուծում մը գործադրուի` աւելցնելով, որ «միայն սուրիացի ժողովուրդը կրնայ որոշել, թէ Ասատ ե՛րբ պէտք է մեկնի, իսկ միջազգային ընտանիքը պէտք չէ նախապայմաններ ներկայացնէ»:
Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուա յուսախաբ է սուրիական ընդդիմութենէն, որ վարչակարգի տապալումը կը նկատէ իբրեւ իր գլխաւոր առաջադրանքը` նշելով, որ Մոսկուա պատրաստ է Սուրիոյ Ազգային Համաձայնական Մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի հետ քննարկումներ կատարելու:
Իսկ Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը նշեց որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային Համաձայնական Մարմինի կեդրոնատեղին ներկայիս Գահիրէի մէջ է, աւելցնելով որ եգիպտական կողմը անոր հետ մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ մէջ դէպի ժողովրդավարութիւն շրջադարձի եւ կազմակերպուած փոփոխութեան ծրագիր մը մշակելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.