2012-12-29 11:26:06

2012- Տարին՝ Հայ Գիրքի Տարի


Ատրպատականի Հայոց Թեմը Եզրափակեց Հայ Գիրքի Տարին։
Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ Անգին Ձեռագրերու Եւ Հազուագիտ Հնատիպներու Ցուցահանդէսով։
Թաւրիզ- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, 2012 տարին Հայրապետական հռչակագրով կոչած էր «Հայ Գիրքի Տարի», որովհետեւ այս տարի կը լրանար Հայ Գրատպութեան 500-ամեակը, ինչպէս նաեւ Եունեսքոյի կողմէ քաղաքամայր Երեւանը հռչակուած էր «Գիրքի Մայրաքաղաք»:
Երրեակ այս առիթները լուսարձակի տակ բերելու նպատակով, 2012 տարին իր արեւմարը չտեսած, Ատրպատականի Հայոց Թեմը հանդիսաւոր կերպով եզրափակեց «Հայ Գիրքի Տարի»ն, Երկուշաբթի 24 Դեկտեմբերին, Թեմին մէջ պահպանուած անգին ձեռագրերու եւ հազուագիւտ հնատիպներու ցուցահանդէսով Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։
Ազգային Առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ձեռամբ Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ այս ցուցահանդէսին, ներկայութեամբ Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու, կրթական մշակներու, մշակութասէրներու, դպրոցական աշակերտներու եւ ժողովուրդի բազմութեան: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Ազգային Վարչութեան կողմէ, օժանդակութեամբ «Ռոստոմ Գասպար Գրադարան»ի վարչութեան եւ Թաւրիզի Հայ Համալսարանականներու Միութեան:
Ցուցադրուած էին Ատրպատականի Հայոց Թեմի դարաւոր հարուստ ժառանգութեան մաս կազմող հազուագիւտ հնատիպներու օրինակներ, ինչպէս նաեւ թանկագին ձեռագրեր, որոնք այս առիթով ընդհանուր մաքրման եւ դասաւորման ենթարկուեցան, վերահսկողութեամբ Ազգային Վարչութեան: Սրահի մշակութահամ միջավայրի կեդրոնական զարդը կը կազմէր, Թաւրիզի առաջին ոտքով բանող մամուլը, որ դարձեալ հիմնական մաքրութեան ենթարկուած էր:
Բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Նազարբէգեանը: Ան ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Հայ Գիրքի Տարի»ն, անդրադարձաւ Ատրպատականի Հայոց Թեմի թանկարժէք այս աւանդին, որ ներշնչման աղբիւր հանդիսացած էր անցեալ սերունդներուն: Ապա, Թեմի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին ցուցահանդէսի կազմակերպչական աշխատանքներուն: Հանդիսավարուհին ապա հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցները, մեներգներով ու ասմունքներով փառաբանելու հայ լեզուն, հայ դպրութիւնն ու անոր անմահ հեղինակ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը:
Մեներգներով հանդէս եկան Թեմի տաղանդաւոր զաւակներէն՝ Ռիմա Աղաջանեանը, Ռեբեկա Սարգիսեանը եւ Նարինէ Սայաթեանը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ դաշնակահար Կարէն Սարգիսեանի: Իսկ ասմունքով հայ գիրն ու դպրութիւնը պանծացուցին՝ յայտնի ասմունքող Նայիրի Դիլանեանն ու պարմանուհի Անուշիկ Գրիգորեանը: Ապա, Թեմակալ Առաջնորդը փոխանցեց իր պատգամը ներկայ մշակութասէր բազմութեան:
Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառի հռչակագրին, որու տարբեր բաժինները կը ներկայացնէին հայ տպագրութեան 500-ամեայ ճանապարհը, սկսելով 1512 թուականէն, երբ Յակոբ Մեղապարտի ձեռամբ հրատարկուեցաւ առաջին հայերէն գիրքը՝ «Ուրբաթագիրք»ը: Ապա, Հայր Սուրբը յուզումով դուրս բերաւ Մաղարդավանքի այն ձեռագիր անգին Շարակնոցը, զոր 1914 թուականին, թրքական արշաւանքներու օրերուն, Ս. Ստեփանոս վանքի վանականները թաղած էին հողի տակ, փրկելու համար վտանգէ, եւ միայն 1967 թուին յայտնաբերուած էր եւ բերուած Թաւրիզ, պահպանուելու համար Ազգային Առաջնորդարանի ձեռագրատան մէջ:
Վերջապէս, Թեմակալ Առաջնորդը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ազգային Վարչութեան, «Ռոստոմ-Գասպար» Գրադարանի վարչութեան, Հայ Համալսարանականների Միութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, որոնք հոգածու վերաբերումով ստանձնած էին գիրքերու արձանագրութեան եւ մաքրութեան դժուար աշխատանքը: Ան գնահատեց նաեւ գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն բերած նուիրեալ անձերը:
Հայ գիրքը սիրելու, հայ գիրքով ներշնչուելու եւ զօրանալու սքանչելի առիթ հանդիսացաւ սոյն նախաձեռնութիւնը, միաժամանակ ծանօթացնելով Թեմի զաւակներուն այն մշակութային հարստութիւնը, զոր ժառանգ է թողուած էր իրենց, նախկին սերունդէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.