2012-12-28 12:57:30

Քուէյթի Կառավարութիւնը 100 Հազար Տոլար Տրամադրած Է Սուրիահայերուն


26 Դեկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մոհամմետ Ալ Քապանտին, «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաջեանը ստորագրած են համաձայնագիր մը։
Քուէյթ 5 միլիոն տոլար յատկացուցած է սուրիական ճգնաժամին իբրեւ հետեւանք տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող սուրիացիներուն օժանդակելու: Քուէյթի կառավարութեան որոշումով Միջազգային իսլամական բարեգործական կազմակերպութեան միջոցով 100 հազար տոլար տրամադրուած է Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն աջակցելու:
Իսլամական բարեգործական կազմակերպութեան եւ Քուէյթի դեսպանութեան աշխատակիցներուն ջանքերով, «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան օգնութեամբ ուսումնասիրուած են Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն կարիքները։ Քուէյթի դեսպանատան աշխատակիցները յարմարագոյնը նկատած են հանրային խանութներուն մէջ գնումներու քաղաքականութեամբ օժանդակել սուրիացիներուն։ Առ այդ, որոշուած է սուրիահայ ամէնէն աւելի կարիքաւոր հազար ընտանիքի տրամադրել 20 հազար դրամի քարտ։ Սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ, լրագրողներու եւ սուրիահայերու ներկայութեամբ քարտերը տրամադրուեցան «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնած է Քուէյթի դեսպանին՝ հետեւողական եւ սրտացաւ աշխատանքին համար: Նախարարին համաձայն, այս մարդասիրական քայլը Քուէյթի իշխանութիւններուն կողմէ քաղաքական կամքի դրսեւորում էր: Ան վստահեցուցած է, որ քարտերը թափանցիկութեան ու արդարութեան սկզբունքով Ամանորի շեմին պիտի բաշխուին Հայաստանի մէջ գտնուող շատ կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն:
Քուէյթի դեսպանը այս առիթով նշած է, որ իր երկիրը կը հաւատայ, թէ պարտաւոր է օժանդակելու՝ առանց կրօնական կամ ցեղային խտրութիւն կատարելու։
«Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաջեանը Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին եւ Քուէյթի կառավարութեան՝ իրենց օժանդակութեան եւ ուշադրութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.