2012-12-28 12:35:55

Կաղանդ Պապաներու Մրցավազքը Երեւանի Մէջ՝ 28 Դեկտեմբերին ։


Տասնեակ Կաղանդ Պապաներ այսօր 28 Դեկտեմբեր կը մասնակցին մրցավազքի մը, որ կը մեկնարկէ ժամը 14:00-ին(տեղական ժամով) Նալպանտեան-Թումանեան խաչմերուկէն մինչեւ Ազատութեան հրապարակ:
Ձմեռնային փառատօնին ծիրէն ներս մրցավազքը տեղի կ’ունենայ արդէն երկրորդ անգամ: Մրցավազքի աւարտին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի կ՝ունենայ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը: Հրապարակին վրայ նաեւ տեղի կ՝ունենան Ձմեռնային Փառատօնի հանդիսութիւններն ու խաղերը:
Ձմեռնային փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ Հին Նոր Տարի` Յունուար 13: Փառատօնի կազմակերպիչներն են Deem Communications ընկերութիւնը եւ Երեւանի Քաղաքապետարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.