2012-12-27 11:36:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի “Urbi et Orbi” - Հռոմ Քաղաքի Եւ Համայն Աշխարհի- 2012ի Սուրբ Ծննդեան Պատգամը։


''Ճշմարտութիւնը կը ծլի երկրէն'' (Սաղմ. 85,12)

Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհի սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն։

Սուրբ ծննդեան մաղթանքս, Հաւատոյ տարուայ ընթացքին, կը յայտնեմ այս բառերով, քաղուած սաղմոսէ մը ''Ճշմարտութիւնը կը ծլի երկրէն'' (Սաղմ. 85,12)։
Սաղմոսերգուի հատուածը ''Ճշմարտութիւնը պիտի ծլի երկրէն'' ապագայի Աւետիս մըն է, խոստում մը՝ որ այլ արտայայտութիւններու հետ միասին, կը հնչեն այսպէս ''Սէր եւ ճշմարտութիւն կը հանդիպին, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կը ողջագուրուին։ Ճշմարտութիւնը պիտի ծլի երկրէն, իսկ արդարութիւնը պիտի երեւի երկինքէն։ Տէրը պիտի տայ երջանկութիւնը, եւ մեր երկիրը պիտի տայ իր պտուղը։ Արդարութիւնը պիտի ընթանայ անոր առջեւէն, եւ իր քայլերով պիտի բանայ ճամբան՝՝ (Սաղմ. 85,11-12)։
Այսօր, այս մարգարէական խօսքը իրականացաւ.Սուրբ Կոյս Մարիամէն, Բեթղեհէմի մէջ ծնած Յիսուսի մէջ, Սէրն ու ճշմարտութիւնը իրապէս հանդիպեցան, արդարարութիւնն ու խաղաղութիւնը ողջագուրուեցան. ճշմարտութիւնը ծիլ առաւ երկրէն եւ արդարութիւնը երեւեցաւ երկինքէն։
Սուրբ Օգոստինոս այս հատուածը կը բացատրէ այսպէս` ''Ի՞նչ է երջանկութիւնը. Աստուծոյ Որդին։ Ի՞նչ է երկիրը. Մարմինը։ Դուն քեզի հարց տուր. ՜՜ ո՞րմէ ծնաւ Քրիստոս՝՝ ու կը տեսնես թէ ՜՜ ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը կը ծլի երկրէն...ճշմարտութիւնը ծնաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն''։
Սուրբ Ծննդեան առթիւ արտասանած ճառի մը մէջ Ան ապա կը հաստատէ ''այսօրուայ տօնակատարութեան ընթացքին կը տօնախմբենք ՜՜Օրը՝՝ որուն մէջ կատարուեցաւ մարգարէութիւնը. - Ճշմարտութիւնը պիտի ծլի երկրէն, իսկ արդարութիւնը պիտի երեւի երկինքէն - Ճշմարտութիւնը որ Հօր ծոցին մէջ է, ծիլ առաւ երկրէն, որպէսզի ըլլայ նաեւ՝ մօր մը ծոցին մէջ։ Ճշմարտութիւնը որ կը կառավարէ աշխարհը, ծիլ առաւ երկրէն որպէսզի կնոջ մը ձեռքերը նեցուկ ըլլան անոր...Ճշմարտութիւնը որ երկինքը անբաւարար է պարունակել ծիլ առաւ երկրէն որպէսզի հանգչի մսուրի մը մէջ։

Ի շահ որո՞ւ, այսքան վսեմ Աստուած մը դարձաւ այնքան խոնարհ։
Վստահաբար ոչ մէկ օգուտ ինքնիրեն համար. սակայն մեծապէս օգտակար է մեզի համար,եթէ հաւատանք։
''Եթէ հաւատանք''։ Ահա այս է հաւատքի զօրութիւնը. Աստուած ամէն բան ըրաւ, նոյնիսկ անկարելին ՜՜Ան մարմին առաւ՝՝։ Անոր ՜՜սիրոյ ամենազօրութիւնը՝՝ իրականացուց այն ինչ որ մարդկային ըմբռնումէն անդին է. յաւիտենականը դարձաւ մանուկ, մտաւ մարդկութեան մէջ։ Եւ սակայն, այս նոյն Աստուածը չի կրնար իմ սրտիս մէջ մտնել եթէ ես չբանամ դուռը Անոր ։
Porta fidei! Հաւատքի Դուռ։ Կրնանք սարսափած մնալ մեր այս հակադարձ ամենազօրութեան դիմաց։ Մարդու այս իշխանութիւնը փակուելու Աստուծոյ կրնայ մեզ վախի մատնել։ Բայց ահա իրականութիւնը որ կը վտարէ մռայլ մտածողութիւնը, յոյսը որ կը յաղթէ չարին. ճշմարտութիւնը ծիլ առաւ; Աստուած ծնաւ; ''երկիրը տուաւ իր պտուղը'' (Սաղմ 67,7)։
Այո բերրի հող կար, առողջ հող մը, եսասիրութենէ ու շրջափակումէ ազատ։ Աշխարհի մէջ կայ հող մը - երկիր մը - զոր Աստուած մշակեց որպէսզի մեր մէջ բնակի։ Աշխարհի մէջ Անոր ներկայութեան օճախ է։ Այս հողը գոյութիւն ունի, նաեւ այսօր 2012-ին, ու այս հողէն ծիլ առաւ ճշմարտութիւնը։ Արդ աշխարհի մէջ յոյս կայ, վստահելի յոյս մը, նոյնիսկ դժուար կացութիւններու մէջ։ Ճշմարտութիւնը ծիլ առաւ իր հետ բերելով սէր, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։
Այո, թող խաղաղութիւնը ծլի Սուրիոյ ժողովուրդին համար, խորապէս վիրաւորուած ու բաժնուած ՜՜հակամարտութենէ՝՝ մը որ չի խնայեր, նոյնիսկ անպաշպանները, ու կը սպաննէ անմեղ զոհեր։ Անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղեմ որ դադրի արեան զեղումը, դիւրանան փախստականներու ու տեղահանուածներու օգնութիւնները եւ երկխօսութեան միջոցաւ, հետապնդուի հակամարտութեան քաղաքական լուծումը։
Խաղաղութիւնը թող ծլի Երկրի մէջ ուր ծնաւ Փրկիչը ու Ան Իսրայէլցիներուն ու Պաղեստինցիներուն պարգեւէ քաջութիւն, վերջ դնելու՝ երկար տարիներու պայքարներուն ու բաժանումներուն, եւ վճռականութեամբ սկիզբ առնէ բանակցութեան ուղին։
Հիւսիսային Ափրիկէի երկիրներու մէջ, որոնք կ՛անցնին խոր փոխանցման շրջան մը նոր ապագայի մը փնտռտուքով - նա մանաւանդ եգիպտոսի մէջ, սիրուած երկիր ու օրհնուած Յիսուսի մանկութեամբ- քաղաքացիները միասնաբար կառուցեն ընկերութիւն մը, հիմնուած՝ արդարութեան, ազատութեան յարգանքի ու ամէն անհատի արժանապատուութեան վրայ։
Խաղաղութիւնը թող ծլի Ասիական հսկայ ցամաքամասին մէջ։ Յիսուս Մանուկ բարեացակամութեամբ նայի բազմաթիւ ժողովուրդներուն որոնք այդ երկիրները կը բնակին, յատուկ կերպով, անոնց որոնք Իրեն կը հաւատան։
Խաղաղութեան Թագաւորը իր նայուածքը ուղղէ նաեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան Ղեկավարներուն` այն բարձր պարտականութեան համար որուն կանչուած են։ Կը մաղթեմ որ կարելի ըլլայ կրօններու ներդրումը, յարգելով իւրաքանչիւրը, որպէսզի անոնք կարենան սատարել զօրակից ընկերութեան կառուցման, ի շահ այդ ազնիւ ժողովուրդին ու համայն աշխարհին։
Թող Քրիստոսի Ծնունդը նպաստէ խաղաղութեան վերահաստատումին Մալիի մէջ, եւ համերաշխութեան Նիճերիոյ մէջ, ուր ահաբեկչական կատաղի բռնարարքները կը շարունակեն զոհեր յառաջացնել, յատկապէս քրիստոնեաներու միջեւ։
Փրկիչը օգնութիւն եւ սփոփանք բերէ Գոնկոյի ժողովրդավար հանրապետութեան Արեւելեան շրջանի գաղթականներուն եւ խաղաղութիւն պարգեւէ Քենիայի, ուր արիւնալի ոճրափորձերը հարուածեցին բնակչութիւնը եւ պաշտամունքի վայրերը։
Մանուկ Յիսուս , օրհնէ մեծաթիւ հաւատացեալները որոնք կը տօնեն Ս. Ծնունդը Լատին Ամերիկայի մէջ։ Աճեցնէ իրենց մարդկային եւ քրիստոնէական առաքինութիւնները, նեցուկ ըլլայ անոնց որոնք պարտադրուած են գաղթելու իրենց ընտանիքներէն եւ հողէն, զօրացնէ կառավարիչները զարգացումի եւ ոճրագործութեան դէմ պայքարի իրենց յանձնառումին մէջ։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Սէր եւ ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ խաղաղութիւն իրարու հանդիպեցան, մարմնաւորուեցան մարդուն մէջ որ ծնաւ Բեթղեհէմ քաղաքը Մարիամէն։ Այդ մարդը Աստուծոյ Որդին է, Աստուած է յայտնուած պատմութեան մէջ։ Անոր ծնունդը, նոր կեանքի ծիլ մըն է բոլոր մարդկութեան համար։
Թող իւրաքանչիւր հող դառնայ բերրի հող մը որ ընդունի ու ծիլ տայ սիրոյ ճշմարտութեանը, արդարութեան եւ խաղաղութեան։
Բարի Ծնունդ բոլորին։







All the contents on this site are copyrighted ©.