2012-12-27 10:19:36

Հալէպի Մէջ Հայկական Դպրոցները Վերսկսան Դասաւանդութիւնները։


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան, «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ առաջնորդարանին պատկանող ազգային վարժարանները վերսկսած են դասընթացքներու:
Ան աւելցուցած է, որ ապահովական նկատառումներով՝ բոլոր դպրոցները համախմբուած են մէկ շէնքի մէջ։ Դեկտեմբեր 25ին քանի մը դպրոցներ նախապատրաստական աշխատանքներ տարած են, իսկ 26 Դեկտեմբերին սկսած են դասընթացքները: Կրթական տարեշրջանի սկիզբը Քարէն Եփփէ Ճեմարանը սկսած էր բարձր դասարաններու դասընթացքներուն, իսկ 26 Դեկտեմբերին միւս դասարանները եւս սկսան դասաւանդութիւններու։ Ռէյիսեանի համաձայն, Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Սահակեան, Կիւլպէնկեան, Զաւարեան եւ Հայկազեան դպրոցները արդէն կը գործեն։
Ժ. Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ քանի մը օր առաջ առեւանգուած Շահէ Չաղլասեանը եւ այլ հայ բժիշկ մը ազատ արձակուած են՝ պահանջուած փրկագիներու վճարումէն ետք։
Վերջնականապէս հաստատուած է Յովակ Քորթմոսեանի մահը, որ 2012ի ամրան Հալէպի մէջ՝ Հանանօ զօրանոցին մօտ սպաննուած զինուորներու կարգին էր։ Հոն տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին ան սպաննուած էր, անոր ընկերները փոխանցած էին, թէ տեսած են անոր սպանութիւնը, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր դիակը չէր գտնուած, ծնողները յոյս ունէին, որ ան կենդանի կ՛ըլլայ։ Սակայն այլ դիակներու նման երիտասարդին դիակը եւս արեւուն տակ մնալով անճանաչելի դարձած էր։ Երբ զօրանոցը կրկին կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ առնուեցաւ, սպաննուածներուն դիակները փոխադրուեցան դիահերձարան, եւ հաստատուեցաւ, որ Յովակ Քորթմոսեանի դիակը անոնց կարգին է:
Քաղաքին մէջ տիրող կացութեան մասին խօսելով՝ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ թէեւ կրակոցի ձայներ կը լսուին, սակայն կեդրոնական թաղամասերուն մէջ կացութիւնը աւելի հանդարտ է։ Անոր համաձայն, կենցաղային միւս հարցերը՝ հացի, ելեկտրականութեան եւ ջերուցման առնչուած, տակաւին կը մնան տագնապալի, մեծ դժուարութիւններ կան։ Թէեւ պետութիւնը աշխատանք կը տանի վերանորոգումներ կատարելու, սակայն զինեալները կը խոչընդոտեն աշխատանքները։ Ան աւելցուցած է, որ ճգնաժամային կացութեան լոյսին տակ ոմանք ծառերը կը հատեն եւ զանոնք կը գործածեն իրենց տուները տաքցնելու համար։
Տօներուն ընթացքին պետութիւնը առաւել եւս խստացուցած է հսկողութիւնը, որպէսզի միջադէպեր տեղի չունենան։
Ամանորի տօներուն գծով Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին Ս. պատարագով պիտի նշէ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, սակայն տօնական մթնոլորտ գոյութիւն չունի, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն չկայ տօնը նշելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.