Իպրահիմի Սուրիոյ Հարցով Խորհրդակցութիւնները Պիտի Շարունակէ Ռուսիոյ Մէջ
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար Թասս»- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր
26ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար
Իպրահիմի Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29ին Մոսկուա պիտի այցելէ՝ տագնապին դիւանագիտական լուծում
մը գտնելու նպատակով Սուրիոյ մէջ սկսած իր խորհրդակցութիւնները շարունակելու: Նոյն
օրը, «Ռաշա Թուտէյ»ը հաղորդեց, որ սուրիական կառավարական պատուիրակութիւն մը Հինգշաբթի
օր Մոսկուա պիտի այցելէ: Իպրահիմի Երեքշաբթի օր Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ՝ քննելով տագնապին լուծում մը գտնելու միջոցները: Իպրահիմի
հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Քննարկեցինք այն քայլերը, որոնք կրնան կիրարկուիլ
ապագային»՝ նշելով, որ Սուրիոյ նախագահին ներկայացուցած է ճգնաժամէն դուրս գալու իր ծրագիրը: Նշենք,
որ նախապէս շրջանառութեան մէջ դրուած էր այն տեղեկութիւնը, որ Իպրահիմի Ասատին պիտի ներկայացնէ
ռուս-ամերիկեան ծրագիր մը: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ասատ հանդիպման
ընթացքին վստահեցուցած է, որ սուրիական կառավարութիւնը նախանձախնդիր է յաջողցնելու որեւէ
ջանք, որ ի շահ սուրիացի ժողովուրդին է, եւ կը պահպանէ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը: Ասատ
Իպրահիմիին ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, իսկ Իպրահիմի
ներկայացուցած է վերջերս իր կատարած հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն արդիւնքները: Իպրահիմի
Չորեքշաբթի օր հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ընդդիմադիր որոշ խմբակցութեանց ներկայացուցիչներու
հետ: Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» թերթին յայտնած են, որ
«լուծումի գորգը սուրիական գետինէն գրեթէ քաշուեցաւ», իսկ միջազգային ընտանիքին կողմէ
տագնապին լուծում մը գտնելու ձախողութիւնը պատճառ դարձած է, որ «քաղաքացիական պատերազմին
ձայնը այլեւս միւս ձայներէն աւելի բարձր ըլլայ, որուն հետեւանքով՝ բախումները կը շարունակուին
սուրիական տարբեր նահանգներու, մասնաւորաբար Դամասկոսի մէջ, ուրկէ եկած տեղեկութիւնները
ցոյց կու տան, որ մերթ ընդ մերթ բախումներ տեղի կ՛ունենան կարեւոր կեդրոններու մերձակայքը,
ինչպէս՝ օդակայանին, կարգ մը նախարարութեանց եւ մինչեւ իսկ նախագահական պալատին մօտ»: Միւս
կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ քիմիական զէնքերու
օգտագործումը Սուրիոյ իշխանութիւններուն համար «քաղաքական անձնասպանութիւն» մը պիտի ըլլայ:
Ան յիշեցուց, որ միջազգային ընտանիքը բազմաթիւ անգամներ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ
քիմիական զէնքերու ճակատագիրին վերաբերեալ: «Չեմ կարծեր, որ Սուրիան քիմիական զէնք
պիտի օգտագործէ», ըսաւ ան: Նշենք, որ գերմանական մամուլին մէջ լոյս տեսած էր տեղեկութիւն
մը, ըստ որուն՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու բանակի մասնայատուկ ուժերը՝ Յորդանանէն
Սուրիա միջամտութեան մը պատրաստութիւն կը տեսնեն: Անոնց նպատակն է պաշտպանել սուրիական
քիմիական զէնքերու պահեստները՝ Ասատի վարչակարգի տապալման պարագային: Ըստ տեղեկութեանց՝
իսրայէլեան բանակէն յատուկ ջոկատներ եւս պատրաստ են սուրիական քիմիական զէնքերը պաշտպանելու
ահաբեկիչներէն: Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտէն աղբիւր մը եւս Երեքշաբթի օր յայտնեց, որ
մասնայատուկ ուժեր եւ զինուորական սարքեր փոխադրող ռուսական մարտանաւեր սուրիական ծովափ
ուղղուած են: