2012-12-27 10:13:46

Եգիպտոսի Մէջ Քուէարկողներուն 63 Առ Հարիւրը Սահմանադրութեան Նախագիծին «Այո» Քուէարկեց


Եգիպտոսի ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց, որ քուէարկողներուն 63 առ հարիւրը նոր սահմանադրութեան նախագիծին «Այո» քուէարկած է, իսկ 36 առ հարիւրը` «Ոչ»: Սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ երկու հանգրուաններէ բաղկացած քուէարկութեան մասնակցած է 51 միլիոն քուէարկողներու միայն 32 առ հարիւրը: Մեկնելով այս իրողութենէն, եգիպտական ընդդիմութիւնը արդէն յայտարարած է, որ պիտի պայքարի օրինագիծի չեղեալ յայտարարման համար:
«Եուրոնիուզ» կը հաղորդէ, որ այսպիսով սահմանադրութիւնը ընդունուած է եւ այժմ երկու ամսուան ընթացքին պէտք է խորհրդարանական ընտրութիւններու թուական ճշդուի:
Հանրաքուէին վերջնական արդիւնքները պաշտօնապէս յայտարարուեցան քուէարկութենէն երեք օր ետք: Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը քննարկած է ընտրական խախտումներու եւ կեղծումներու վերաբերեալ բազմաթիւ բողոքներ:
Ընդդիմութիւնը կը շարունակէ պնդել, որ հանրաքուէի արդիւնքները կեղծուած են, իսկ նախագիծը կը բխի միայն իսլամականներու շահերէն: Ըստ իսլամականներուն, նոր սահմանադրութիւնը Եգիպտոսի պատմութեան մէջ լաւագոյնն է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիին կոչ ուղղեց` երկրին մէջ տիրող պառակտումին վերջ տալու:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Քեթրին Էշթըն իր կարգին Մուրսիին կոչ ուղղեց «Սահմանադրութեան վաւերացումէն ետք ժողովրդավարութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու»: Ան նշեց, որ հանրաքուէին մասնակցութեան համեմատութիւնը 33 առ հարիւր էր, եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց դէպի ժողովրդավարութիւն յառաջընթաց արձանագրելու համար երկխօսութեան դիմելու: «Շատ կարեւոր է, որ բոլոր եգիպտացիները ժողովրդավարական հոլովոյթին վերադառնալու համոզուած ըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Եգիպտոս Եւրոպական Միութեան գործընկերն է եւ մեր գործընկերութիւնը հիմնուած է օրէնքի պետութեան, արդարութեան, մարդկային իրաւանց յարգումին եւ իմաստուն կառավարման վրայ»:
Մուրսի երեկոյեան պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրաքուէն տեղի ունեցաւ թափանցիկ կերպով եւ դատական վերահսկողութեամբ` աւելցնելով, որ «գոյութիւն ունին սխալներ, որոնց պատասխանատուութիւնը ձեզի հետ կը կրեմ»: Ան ընդգծեց, որ «երկխօսութիւնը անհրաժեշտութեան վերածուած է եւ անոր այլընտրանք չկայ», եւ ընդդիմութիւնը դարձեալ հրաւիրեց ազգային երկխօսութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.