2012-12-26 10:47:56

Նիճերիոյ Քրիստոնեաներուն Համար Ուրիշ Արիւնալի Ծնունդ Մը։


Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին, 24 դեկտեմբերին, Նիճերիոյ հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուղ Ճոպէ Նահանգի Բերի անուան եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ահաբեկչական արարքի հետեւանքով մահացած են 6 քրիստոնեաներ որոնց շարքին նաեւ տեղւոյն ժողովրդապետը։
Նիճերիոյ քրիստոնեաներուն համար ուրիշ արիւնլի Ծնունդ մը։ Մինչ հաւատացեալները կը մասնակցէին Սուրբ ծննդեան ճռագալոյցի արարողութեան զինեալ խումբ մը խուժած է աղօթավայր ու սպաննած 6 հաւատացեալներ ու ապա եկեղեցին հրկիզած։ Անցեալ տարի եւս ''Պոքոհարամ'' ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութիւնը այլ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած է քրիստոնեայ աղօթավայրերու դէմ։ Արդարեւ ծայրայեղ ու վայրագ այս կազմակերպութեան անդամները պատերազմ հռչակած են քրիստոնեայ հասարակութիւններուն դէմ որոնք յաճախ ահաբեկչական արարքներու դիրախ կը դառնան։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Սուրբ Ծննդեան իր պատգամին մէջ դատապարտած էր արարքները ու մաղթած որ ''Քրիստոսի Ծնունդը նպաստէ խաղաղութեան վերահաստատումին եւ համերաշխութեան Նիճերիոյ մէջ, ուր ահաբեկչական կատաղի բռնարարքները կը շարունակեն զոհեր յառաջացնել, յատկապէս քրիստոնեաներու միջեւ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.