2012-12-26 10:06:34

Էջ մը Հայ Գրականութենէն
Յովհաննէս Կոզեռն


Անի քաղաքի անկումին եւ Բագրատունեաց թագաւորութեան կործանումին ընթացքին` իր գրութիւններով ճանչցուեցաւ Յովհաննէս անունով` տարօնացի վարդապետը, որ կոչուած է նաեւ Կոզեռն, հաւանաբար իր աստղագիտական ուսումներու մէջ մասնագիտանալուն համար։ Արդարեւ անոր անունը կապուած էր նախապէս իր գուշակութիւններուն, մանաւանդ 1036 թուականին նկատմամբ։ Աւելի վերջն է որ սկսած է Սուրբ Գրքի մեկնութիւններ ընել, ինչպէս նաեւ հռետորական ճառեր շարադրել։ Մատթէոս Ուռհայեցի կ՛ըսէ իր մասին թէ` տկար էր բանիւ եւ մեծ գիտութեամբ բացայայտէր զգիտութիւն գրոց սրբոց. Հոս տկար բանիւ ասութիւնը աւելի կը նշանակէ թէ սակաւախօս էր, բայց գիտուն։ Սակայն յետագային զինք կ՛անուանեն այր ճգնազգեաց եւ բանիբուն հռետոր։ Հաւանաբար ան իր կեանքի երկրորդ շրջանին` ճառեր ալ գրած ըլլայ, որոնք սակայն մեր ձեռքը չեն հասած։
Իր մասին կը պատմուի հետեւեալը. 1030 թուականին` երկնքի վրայ տարօրինակ լոյսեր կ՛երեւին, զոր աստղաբաշխները չեն կրնար մեկնել. Մի քանի տարիներ ետք` 1036-ին, արեւի խաւարում տեղի կ՛ունենայ, ինչ որ մեծ շփոթութեան կը մատնէ ժողովուրդը եւ մանաւանդ իշխող տարրը, թագաւոր կամ իշխաններ։ Երբ կը դիմեն Յովհաննէս Կոզեռնի, ինք կը մեկնաբանէ եղածները որպէս Յիսուս-Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան հազարամեակին հետ կապ ունեցող դէպքեր եւ կը սկսի գրել ու քարոզել այս նիւթին շուրջ, աւետելով աշխարհի վերջը։ Նախապէս 1000 թուականին շատ մը աստղագէտներ ու գուշակներ մարգարէացած էին նոյնպէս աշխարհի կատարածը։
Կը պատմուի թէ երբ Հայոց թագաւորին կողմէ ուղարկուած պատգամաւորները հասան իր մօտ, Յովհաննէս Վարդապետ սկսաւ հառաչել եւ բարձրաձայն լալ, այսպէսով ալ աւելի մեծ շփոթութեան մատնելով պատգամաւորները. Ըսաւ անոնց թէ այս առթիւ` սատանան պիտի արձակուի եւ բոլոր աշխարհ տակն ու վրայ պիտի ըլլայ. Թագաւորներ թագաւորներու դէմ, ազգեր ազգերու դէմ պիտի պատերազմին եւ մեծ թշուառութիւն պիտի տիրէ Հայաստանի վրայ. Ինչ որ մասամբ ալ իրականացաւ, որով Սելճուքներու արշաւանքով` Հայերը կորսնցուցին անկախութիւնը եւ Բիւզանդիոնի անհեռատես քաղաքականութեամբ` վերջ գտաւ Բագրատունեաց հարստութիւնը Հայաստանի։ Մեզի հասած է այս ուղղութեամբ գրուած մատեան մը որ կը կոչուի. Մեկնութիւն տումարի ի Յովհաննէս Կոզեռն վարդապետէ։ Դարձեալ Ուռհայեցին կը գրէ իր մասին թէ. Ան շատ մը մարգարէութիւններ ըրաւ իր ժամանակին մասին, եւ թէ ինչպէս աստուածպաշտութիւնը պիտի վերնայ մարդոց մէջէն եւ հաւատքը պիտի թուլնայ անոնց սրտերուն մէջ։ Այս գրութիւնը շարադրած է Անանիա Վաղարշակերտացի եպիսկոպոսի խնդրանքին վրայ. Սակայն միայն մասամբ մեզի հասած է։
Ըստ Արիստակէս Լաստիվերտցիի, Կոզեռն գրած է նաեւ Հաւատոց գիրս անունով վարդապետական գրուածք մը, որ սակայն մեր ձեռքը չէ հասած։ Նաեւ իրեն կը վերագրուի տօնաճառ մը հետեւեալ տիտղոսով. Յովհաննիսի Հայոց վրադապետի, որ եւ մականուն Կոզեռն, ասացեալ վասն Վարդավառի տօնին։ Հոն հարց կու տայ թէ ինչու՞ այս տօնին մասին եւ անոր ընթերցումներուն վերաբերեալ` ոչ մէկ բան ըսուած է, ոչ Յակոբ առաքեալի կողմէ, որ Տեառնեղբայրն է, եւ ոչ ալ Կիւրեղ Հայրապետին գրութիւններուն մէջ` որեւէ հետք չի տեսնուիր այս տօնին մասին։
Յովհաննէս Կոզեռն ապրած է Խաչիկ Անեցի կաթողիկոսին օրով եւ վստահաբար նաեւ ականատես եղած է Անիի` Բագրատունեաց մայրաքաղաքի անկումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.