2012-12-25 10:23:36

Իպրահիմի Ասատի Ներկայացուց Իր Նախագիծը


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ անոր հետ քննարկեց սուրիական տագնապին լուծում մը գտնելու միջոցները:
Իպրահիմի հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «մենք քննարկած ենք այն քայլերը, որոնք կրնան կիրարկուիլ ապագային»` նշելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ներկայացուցած է ճգնաժամէն դուրս գալու իր ծրագիրը:
Նշենք, որ նախապէս շրջանառութեան մէջ դրուած էր այն տեղեկութիւնը, որ Իպրահիմի Ասատին պիտի ներկայացնէ ռուս-ամերիկեան ծրագիր մը:
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ասատ հանդիպումին ընթացքին վստահեցուցած է, որ սուրիական կառավարութիւնը նախանձախնդիր է յաջողցնելու որեւէ ջանք, որ ի շահ սուրիացի ժողովուրդին է եւ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը կը պահպանէ:
Ասատ Իպրահիմիի ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն մասին բացատրութիւն մը, իսկ Իպրահիմի իր կարգին ներկայացուցած է վերջերս իր կատարած հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն արդիւնքները:
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Ասատ-Իպրահիմի հանդիպումը սիրալիր էր:
Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, որ լուծումի «գորգը սուրիական գետնէն գրեթէ քաշուեցաւ» եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ տագնապէն ելք մը գտնելու ձախողութիւնը «ցոյց կու տայ, որ քաղաքացիական պատերազմի ձայնը այլեւս միւս ձայներէն աւելի բարձր է, բան մը, որ այլեւս յստակ է բախումներու սաստկացումէն սուրիական տարբեր նահանգներու, մասնաւորաբար Դամասկոսի մէջ, ուրկէ եկած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ մերթ ընդ մերթ բախումներ տեղի կ՛ունենան կարեւոր կեդրոններու մերձակայքը, ինչպէս օդակայանին, կարգ մը նախարարութեանց եւ մինչեւ իսկ նախագահական պալատին մօտ»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ քիմիական զէնքերու օգտագործումը Սուրիոյ իշխանութիւններուն համար քաղաքական անձնասպանութիւն պիտի ըլլայ:
Ան յիշեցուց, որ միջազգային ընտանիքը բազմաթիւ անգամներ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերու ճակատագիրին վերաբերեալ:
«Ես չեմ կարծեր, որ Սուրիան քիմիական զէնք պիտի օգտագործէ: Եթէ այդպիսի բան տեղի ունենայ, ատիկա սուրիական կառավարութեան համար քաղաքական անձնասպանութիւն պիտի ըլլայ: Ամէն անգամ, երբ մեզի կը հասնին խօսակցութիւններ, թէ սուրիացիները քիմիական զէնքերով բան մը կ՛ընեն, մենք երկու-երեք անգամ կը ստուգենք այդ տեղեկութիւնը», ըսաւ ան:
«Մենք կը դիմենք Սուրիոյ կառավարութեան եւ կը ստանանք հաւաստիացում, թէ քիմիական զէնք որեւէ պարագայի օգտագործելու չեն պատրաստուիր», նշեց Լաւրով:
Ըստ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին, Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ Մոսկուայի վերջին տեղեկութիւնը կը վերաբերի քիմիական զէնքերու պահեստանոցները ապահովելու համար սուրիական կառավարութեան քայլերուն:
Նշենք, որ կիրակի օր գերմանական մամուլին մէջ լոյս տեսած էր տեղեկութիւն մը, ըստ որուն, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու բանակի մասնայատուկ ուժերը Յորդանանէն Սուրիոյ իրավիճակին հաւանական միջամտութեան պատրաստութիւն կը տեսնեն: Անոնց նպատակն է պաշտպանել սուրիական քիմիական զէնքերու պահեստները` Ասատի վարչակարգի տապալման պարագային:
Ֆրանսական «Օտարահպատակներու լեգէոն»-ի հրամանատարութիւնը բազմիցս Յորդանանէն Սուրիա հետախուզական ջոկատներ ուղարկած է տեղեկութիւններ հաւաքելու համար: Բացի ատկէ, ամերիկեան «Տելթա Ֆորս» ջոկատը, որ անապատային յատուկ պայմաններու մէջ մարտեր մղելու պատրաստուած է, ինչպէս նաեւ «Ռէյնճըրզ» յատուկ ջոկատները բարձր պատրաստութեան վիճակի մէջ են եւ կը սպասեն Սուրիա ուղարկուելու:
Ըստ տեղեկութեանց, իսրայէլեան բանակի «Սայերթ Մաթքալ» յատուկ ջոկատները արդէն շատոնց կը թափանցեն Սուրիոյ տարածք եւ պատրաստ են սուրիական քիմիական զէնքերը պաշտպանել ահաբեկիչներէն:
Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտէն աղբիւր մը երէկ իր կարգին «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ մասնայատուկ ուժեր եւ զինուորական սարքեր փոխադրող ռուսական մարտանաւեր սուրիական ծովափ ուղղուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.