2012-12-25 10:28:33

Աւելի Քան 40 Հազար Երիտասարդներ Կը Մասնկացին Թեզէի 35-րդ Եւրոպական Հաւաքին։


Հռոմի մէջ աղօթքի, խորհրդածութեան ու հասարակական կեանքի ապրում` ժողովուրդին հետ։

Հռոմ քաղաքը դեկտեմբեր 28 - 2 յունուար պիտի հիւրընկալէ թեզէի 35-րդ եւրոպական հանդիպումը։
Աւելի քան 40 հազար երիտասարդներ կը համախմբուին Իտալիոյ մայրաքաղաքը աղօթքի, խորհրդածութեան ու մտամփոփումի 6 օրեր անցնելով ժողովրդապետութիւններու, ընտանիքներու ու վանատուներու մէջ, կը հաղորդագրէ Թեզէյի համամիութենական հասարակութիւնը։
Հասարակաց աղօթքները կը կատարուին մայրաքաղաքի մեծ եկեղեցիներու մէջ։ Երիտասարդներուն առիթ պիտի ընծայուի այցելել Հռոմի սրբավայրերը, գերեզմանները։
29 դեկտեմբերին երեկոյեան ժամը 6-ին ս. Պետրոս պազիլիքայի մէջ երիտասարդները պիտի աղօթեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ ու պիտի հնչեցնեն թեզէյի տաղերն ու շարականները։
Նոր տարին պիտի յատկանշուի աղօթքով` խաղաղութեան համար, որուն պիտի յաջորդէ ''ժողովուրդներու տօն'' հանդիսութիւնը։
Թեզէյի համամիութենական հասարակութեան վանահայր եղբայր Ալոյիսի այս առթիւ յղած պատգամը կը ներփակէ չորս առաջադրութիւններ, յոյսի մէջ հաստատուելու համար։
Աղօթքս է - կը գրէ վանահայրը - որ Հռոմի փորձառութիւնը սատարէ հաղորդակցութեան ու նոր սերունդը ճանչնայ Եկեղեցին որպէս վայրը եղբայրակցութեան եւ Յարուցեալ Քրիստոսը որպէս մեզ միացնողը ։
Նշենք որ բազմաթիւ կրօնապետեր ու քաղաքական մարդիկ բարեմաղթանքի պատգամներ ուղարկած են Թեզէյի համամիութենական հասարակութեան հաւաքին մասնակցողներուն։
Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը` Օսսերվաթորէ Ռոմանօն անցեալ 19 դեկտեմբերին հրատարակուած թիւին մէջ հրապարակած է եղբայր Ալոյիսի վերջերս լոյս տեսած ''վստահութեան ուխտաւորներ'' գիրքէն մէկ հատուածը։ Թեզէյի համամիութենական հասարակութեան աբբահօր համար ''հաւատքը կը ներկայանայ այսօր որպէս արկածախնդրութիւն վստահութեան''։ Հաւատքը չի ներկայանար որպէս յառումը ճշմարտութիւններու, այլ որպէս Աստուծոյ հետ անհատական յառում''։
Թեզէի եւրոպական հանդիպումը սկիզբ առած է 1970-ին եղբայր Ռոժէի նախաձեռնութեամբ որ է հիմնադիրը Թեզէյի համամիութենական հասարակութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.