2012-12-24 10:28:08

Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Ծննդեան Առթիւ Գլխաւորած Արարողութիւնները


Երկուշաբթի 24 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 10-ին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը նախագահէ Սուրբ Ծննդեան պատարագը։
Ծննդեան պատարագէն առաջ, յետ միջօրէին, տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ զետեղուած Յիսուսի Ծննդեան տօնը խորհրդանշող Մսուրի բացման արարողութիւնը։
Առ ի սովորութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան ՀայրըՍուրբ Ծննդեան առթիւ իր գրասենաեկի պատուհանի ստորին շրջանակի վրայ կը զետեղէ վարուած` ''խաղաղութաեն լապտերը''։
Նշենք որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած այս տարուայ մսուրը սրբազան Հօր նուիրուած է Իտալիոյ Պազիլիքադա մարզի կողմէ։
150 մեթր քառակուսի տարածութեան վրայ կառուցուած այս մսուրը գործն է արհեստագէտ Մաեսթրոս ֆրնաչէսքօ Արթեզէի որ ներշնջուած է Մաթերա քաղաքի կեանքէն, որուն ձեւաբանութիւնը Սուրբ Երկրի վայրերուն վերարտադրումն է։
Յայտնենք որ Նորին սրբութիւնը 25 դեկտեմբերի կէսօրին՝ ինչպէս ամէն տարի, Սուրբ Պետրոս Տաճարի կեդրոնական պատշգամէն, Հռոմի ու համայն աշխարհին պիտի ուղղէ Ծնունդի Իր պատգամը որուն աւարտին պիտի տայ ''Urbi Et Orbi'' այսինքն Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղուած իր Առաքելական Օրհնութիւնը։ Նախ քան Առաքելական Օրհնութիւնը, Սրբազան Հայրը շուրջ 60 տարբեր լեզուներով պիտի շնորհաւորէ համապատասխան ազգերու հաւատացեալները։







All the contents on this site are copyrighted ©.