2012-12-24 10:41:38

Սուրբ Ծննդեան Աւետիս


Վեր.Վահան Յ. Թութիկեան Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէնի Խորհրդածութիւնը Յիսուսի Ս Ծննդեան Տօնին Առիթով։
Ս. Ծննդեան եղանակն է դարձեալ: Երփներանգ լոյսերով, արծաթաշող ու ոսկեփայլ զարդերով, եւ արուեստական ճիւղերու կամ ծաղիկներու կամարներով նորէն պճնուած են քաղաքներու մեծ պողոտաները: Խանութներ ու վաճառատուներ իրենց ցուցափեղկերը զարդարեր են գունագեղ առարկաներու, բազմատեսակ ապրանքներու ճոխութեամբ, հրապուրելու համար անցորդները՝ տօնական օրերու ընթացիկ առեւտուրի:
Երբ մարդիկ կը տօնախմբեն Բեթլեհեմի խեղճուկ մսուրին մէջ խանձարուրուած Յիսուս Մանուկին ծնունդը, կը թուի թէ, Անոր անձին գալուստէն աւելի կ՛ողջունեն այն խորհուրդը, կարօտներն ու խոստումները, որոնք մարմնաւորուած են Քրիստոսի անունին եւ հռչակած ճշմարտութեան մէջ:
Որչափ դառն ու տխուր իրականութիւն է, որ գնումներու աճապարանքին մէջ մխրճուած եւ աշխարհիկ խրախճանքներով կլանուած՝ շատեր յաճախ կը մոռնան, թէ իրօք որո՛ւն ծննդեան տօնն է, զոր կ՛ոգեկոչեն: Նոյնչափ տխուր եւ ցաւալի է նկատել, որ նոյնիսկ սրտառուչ պաշտամունքներով Յիսուսի Ծնունդը տօնակատարող բազմութիւններէն շատեր չեն ապրիր Անոր բերած նոր կեանքին վսեմ սկզբունքները:
Ս. Ծնունդը կ՛աւետէ թէ՝ Յիսուս Քրիստոս երկինքի փառքը թողելով մարմնացաւ եւ մարդացաւ մեղապարտ մարդկութիւնը փրկելու համար: Բարձեալն Աստուած խոնարհեցաւ եւ մինչեւ երկիր եկաւ, որպէսզի մարդ արարածը երկրէն մինչեւ երկինք բարձրացնէ: Ասիկա շարականերգուին խօսքով մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մըն է, որովհետեւ դժուար է երեւակայել եւ լիովին հասկնալ, թէ ինչպէս Տիեզերքի Արարիչը մարմնացաւ մարդու մէջ, որպէսզի բարձրացնէ մարդը իր մեղանչական կեանքէն դէպի աստուածային կեանքի բարձր մակարդակին: Այդ էր որ Յիսուս ըրաւ իր հրաշափառ Ծնունդով, իր աննման կեանքով, իր մահուամբ եւ յարութեամբ: Ամէն անոնք, որոնք կ՛ընդունին Զինք իբրեւ Փրկիչ, Աստուծոյ որդիները կ՛ըլլան ո՛չ արեան ճամբով եւ ոչ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով (Յովհաննու 1.13): Այ՛ս է Ս. Ծննդեան աւետիսը:
Բոլոր անոնք որոնք կը գանգատին, թէ երկու հազար տարիէ ի վեր Քրիստոս չէ կրցած մարդիկ մեղքէ ազատել, գիտնալու են թէ Ան կրցած է փրկել բոլոր անոնք, որոնք ընդունած են զինք իբրեւ իրենց կեանքի Տէր եւ Փրկիչ: Իսկ անոնք, որոնք զինք չեն ընդունած տակաւին իրենց մեղքի ճիրաններուն եւ խաւարին մէջ են:
Յովհաննէս Առաքեալը կը վկայէ թէ Քրիստոս է «Ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով կը լուսաւորէ մարդկութիւնը» (Յովհ. 1.9), Քրիստոս տակաւին կը շարունակէ աշխարհին լոյսն ու յոյսը ըլլալ, բոլոր անոնց համար, որոնք պատրաստակամ են խաւարէն Լոյսին դառնալու: Արդ, բոլոր «լուսոյ որդիները» Ս. Ծնունդի առթիւ սրտի բերկրանքով կրնան յայտարարել՝
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ.Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս»
Վեր.Վահան Յ. Թութիկեան Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէնի








All the contents on this site are copyrighted ©.