2012-12-24 10:21:49

Ռայի Պատրիարքը Այսօր Պիտի Փոխանցէ Ս. Ծննդեան Պատգամը


Ս. Ծննդեան տօնին առիթով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի փոխանցէ իր պատգամը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ աղօթեց առ Աստուած` տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն գութը շարժելու, որպէսզի անոնք խուսափին զէնք տարածելէ եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն` պատերազմներէ եւ բռնարարքներէ հեռու լուծելու համար Լիբանանը յուզող տագնապները:
Պատարագէն ետք, Ռայի պատրիարքը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ Միջին Արեւելքի տագնապը արժանանայ խաղաղ եւ ժողովրդավար լուծումի մը` վերջ տալով պատերազմին եւ բռնարարքներուն:
Ռայի պատրիարքը մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի վրայ սուրիական տագնապին ունենալիք հետեւանքներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.