Պէյրութի Հոգեւոր Երաժշտութեան 5-րդ Փառատօն. «Կարկաչ» Ներկայացուց Ս. Ծննդեան Տօնին
Նուիրուած Բազմալեզու Յայտագիր Մը
Կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային
վարչութիւնը, «Սոլիտեր»-ի նախաձեռնած` Պէյրութի հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ տարեկան փառատօնի
ծիրին մէջ ներկայացուց «Կարկաչ» մանկապատանեկան եւ պատանեկան երգչախումբի ելոյթը` գեղարուեստական
ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի: Զոքաք Էլ Պլաթի Ազգային աւետարանական
եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համերգին ընթացքին «Կարկաչ» ներկայացուց Ս. Ծննդեան տօնին
նուիրուած բազմալեզու երգերու յայտագիր մը: Երգչախումբին դաշնակի վրայ ընկերացաւ Սիրվարդ
Պոյաճեան-Սապունճեան: