2012-12-24 10:06:33

Իպրահիմի - Ասատի Հանդիպում Դամասկոսի Մէջ


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ կէսօրին հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ապա ցամաքի ճամբով ուղղուեցաւ Դամասկոս, ուր անմիջապէս հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ:
Նախքան Դամասկոս ուղղուիլը, Իպրահիմի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ ինք դժգոհելով սուրիական իշխանութեանց կողմէ իր Սուրիա այցելութեան արտօնութեան ձգձգման առնչութեամբ չէ սպառնացած, որ կրնայ հրաժարիլ եւ կապ չէ հաստատած ռուսերուն հետ, որպէսզի անոնք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ ճնշում բանեցնեն, որ զինք ընդունի:
Իպրահիմի այսօր հանդիպում պիտի ունենայ Ասատի հետ: Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ միջազգային պատուիրակը Ասատի պիտի յանձնէ տագնապէն դուրս գալու ռուս-ամերիկեան ծրագիր մը, որ, ըստ սուրիական տագնապին բանակցութեանց մօտիկ աղբիւրի մը, կը ներառէ տագնապին առնչակից երկու կողմերէն ընդունելի նախարարներու մասնակցութեամբ փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը, Ասատ մինչեւ իր պաշտօնավարութեան աւարտը` 2014, կը մնայ իշխանութեան վրայ, սակայն կը զրկուի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը առաջադրելու իրաւունքէն:
Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներ շաբաթ օր «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին յայտնած էին, որ Ասատի իշխանութենէն հեռացման շուրջ գոյութիւն ունի ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Ասատ երկրին նախագահութիւնը շուտով կը յանձնէ եւ աքսոր մեկնելու կը համաձայնի, իսկ իշխանութիւնը արագ կերպով կը փոխանցուի կառավարութենէն եւ ընդդիմութենէն անձնաւորութիւններէ կազմուած փոխանցման կառավարութեան մը: Ռուս դիւանագիտական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած էր, որ «Ասատ Սուրիոյ մէջ ապագայ չունի, սակայն ապուշ չէ, որ իր պաշտօնէն կամովին հրաժարի»:
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինէն աղբիւր մը շաբաթ օր իր կարգին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած էր, որ Ասատի իշխանութենէն հեռացման շուրջ գոյութիւն ունի ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Ասատի առջեւ երկու ընտրանք գոյութիւն ունի, կա՛մ իշխանութեան փոխանցման մէջ գործընկեր կ՛ըլլայ եւ միջազգային պաշտպանութիւն կը վայելէ, կա՛մ ալ իշխանութեան փոխանցման շուրջ բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան իր բացակայութեան եւ կը կորսնցնէ փոխանցման շուրջ փոխզիջումային լուծումէն բխող պաշտպանութիւնը:
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ամոս Կիլատ յայտարարած է, որ անկախ ընդդիմադիրներուն գործադրած բոլոր ջանքերէն, Ասատ կը վերահսկէ քիմիական զէնքին, սակայն զինք տապալելու պարագային Սուրիոյ մէջ իսկական քաոս պիտի սկսի:
«Ներկայիս քիմիական զէնքը կը գտնուի հսկողութեան տակ: Կը կարծեմ, որ եթէ Ասատ հեռանայ, ապա քաոս պիտի սկսի: Միջին Արեւելքի մէջ միշտ ալ այսպէս կ՛ըլլայ, երբեք չես գիտեր` ո՛վ պիտի գայ անոր փոխարէն: Այժմ մեզի համար անհրաժեշտ է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել, որովհետեւ ամբողջ աշխարհը այս հոլովոյթին մէջ ներքաշուած է», ըսած է Կիլատ:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ կառավարական զօրքերու եւ ընդդիմութեան միջեւ տագնապը փակուղիի առջեւ կանգնած է, սակայն որեւէ ազդակ չկայ, որ կը վկայէ, թէ Ասատ մտադիր է միջազգային ճնշումին առջեւ զիջիլ եւ կամովին հրաժարիլ իշխանութենէն:
«Ընդդիմութիւնը չի կարենար յաղթել անոր, սակայն ան եւս չի յաղթեր», եզրափակած է Կիլատ:
Ըստ «Սաութ Լուպնան-Հուրիյա ուա Քարամա» ձայնասփիւռի կայանին, այսօր շուրջ ժամը 08։45-ին մեծ պայթում մը ցնցած է Դամասկոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.