2012-12-22 10:44:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 22 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Մարք Ուելլէն։
Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը երէկ ուրբաթ 21 դեկտեմբերի առաիօտեան հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Աւագ Վարչութեան անդամներուն հետ` Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի բարեմաղթութիւններու փոխանակումի առթիւ։
Հանդպման ընթացքին իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Ընտանիքի ու ամունսութեան կարեւորութեան ու անոնց ներկայ սպառանալիքներուն։ Ան խօսեցաւ նաեւ ''ազատութեան'' սխալ ըմբռնումի մասին որ կը տիրէ աշխարհի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ պետութիւններու, հասարակութիւններու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան ու միջեկեղեցական յարաբերութիւններու էութեան վրայ։ ''Երկխօսութիւնը - ըսաւ Ան - դարձ չի պահանջեր այլ փոխըմբռնում'' ու այս երկխօսութեան մէջ ''երկու կողմերը կը մնան հաւատարիմ իրենց իքնութեան''։ Սրբազան հայրը արդ հրաւիրեց Քրիստոնեաները ''առանց վախի'' ընգրկելու երկխօսութեան ճանապարհը։ Ի վերջոյ Պենետիկտոս ԺԶ նշեց աշխրահի տարածքին եկեղեցւոյ կրած դժուարութիւնները ու 2012-ի ընթացքին իր կատարած առաքելական ճանապարորդութիւնները ինչպէս նաեւ Նոր աւետարանցումի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.