2012-12-22 14:35:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ներում Շնորհեց Բաոլօ Կապրիելէին։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն այսօր` շաբաթ 22 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կատարած է իր նախկին սենեկապետ` Բաօլօ Կապրիելէին ու անոր փոխանցած է ներումի շնորհման լուրը։
''Հայրական ցուցաբերում մը անձի մը հանդէպ որ Սրբազան Պապին հետ կիսած է կեանքի ընտանեկան պահեր'' կը հաղորդագրէ Սուրբ Աթոռը, յայտնելով որ այցելութենէն անմիջապէս ետք Կապրիելէն ազատ արձակուեցաւ ու միացաւ իր հարազատներուին։ Հաղորդագրութիւնը ապա կը նշէ ''թէեւ կարելի պիտի չըլլայ անոր յանձնել իր առաջուայ պաշտօնը ու ապրիլ Վատիկան պետութեան հողերու վրայ, Սուրբ Աթոռը, ընդունելով անոր զղջումի առաջադրանքները, անոր պիտի շնորհէ այլ կարելիութիւն մը` խաղաղ կեանք մը ապրելու`իր ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.