Միացեալ Նահանգներու նախագահը՝ Պարաք Օպամա երէկ երեկոյեան յայտնած է, որ Ծերակոյտի արտաքին
յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ճոն Քերիին թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ արտաքին
գործոց նախարարի պաշտօնին համար: Հայաշատ Մասաչուսեց նահանգէն ծերակուտական ընտրուած
ե՛ւ, ըստ հայկական լոպիինկի կազմակերպութիւններու, բազում առիթներով հայանպաստ դիրքորոշում
դրսեւորած Քերի պիտի փոխարինէ Հիլըրի Քլինթընը: