2012-12-22 10:55:16

Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հ. Գրիգոր Վրդ. Շահինեանի Խորհրդածութիւնը


՜՜Յ.ի Ս. Ծննդեան Տօնին Առթիւ՝՝։
Երբ Սուրբ Ծնունդի մասին խորհրդածենք մեր սիրտն ու հոգին ուրախութեամբ կը լեցուին, որովհետեւ Աստուծոյ Որդին մարդ կը դառնայ՝ մեզի պէս կ՛ըլլայ, Էմմանուէլ կ՛ըլլայ, Աստուած մեզի հետ:
Աստուած հեռու չէ այլեւս մեզմէ, այլ Աստուած մեզի մօտ է, մեր սիրտերուն մէջն է, մեր ընտանիքներուն մէջն է, մեր դպրոցներուն մէջն է, մեր գործատեղերուն մէջն է, ամէ՛ն տեղ է: Կարեւորը մենք վարժուինք Քրիստոսը տեսնելու ամէնուրեք: Եկեղեցիին Սուրբ հայրերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ Աստուած մարդ եղաւ, որպէսզի մենք աստուածանանք:
Աստուծոյ նման դառնալու համար պէտք ունինք կամքի զօրութեան, որպէսզի մեր անձնասիրութենէն ու նախապաշարումներէն ձերբազատուելով՝ կարենանք մտնել աստուածային մտածելակերպին մէջ: Աստուած մանուկ դարձաւ, որպէսզի մեզի ցոյց տայ որ, եթէ մանուկ չդառնանք, չենք կրնար երկինքի արքայութիւնը ժառանգել:
Ծննդեան տօնին առիթով բանանք մեր սիրտերը՝ լեցուելու համար Քրիստոսի լոյսով: Ամէն բարիք, զոր կը կատարենք, կրնայ նոր ծնունդ մը դառնալ: Ծնունդ է. երբ սրբենք արցունք մը որբի մը աչքերէն, երբ մեր թեւերը լայն բանանք մեզի նեղութիւն տուողին, երբ զղջանք մեր գործած մեղքերուն համար. երբ ներենք մեզի դէմ գործուած բոլոր յանցանքներն ու զանցառութիւնները, երբ գրկաբաց ընդունինք մեր թշնամինները, երբ խաղաղութեան առաքեալներ դառնանք եւ մեր սիրտերէն վանենք ամէն տեսակ ոխակալութիւն եւ քինախնդրութիւն:
Ծնունդ է՝ երբ հոգիով աղքատ դառնանք լեցուելու համար Սուրբ Հոգիին շնորհքներով, երբ հեզ եւ խոնարհ դառնանք մեր Փրկիչին նման, երբ քաղցն ու ծարաւը ունենանք արդարութեան, երբ ողորմած դառնանք՝ ողորմութիւն գտնելու համար, երբ սրբութեան ճամբան բռնենք, որպէսզի Աստուած կարենանք տեսնել, երբ երկիրին աղը դառնանք՝ մեր եւ ուրիշներուն կեանքը համեմելու, երբ լոյս դառնանք՝ մեր շուրջը լոյս սփռելու, երբ աղօթել սորվինք Սուրբ Հոգիով լեցուն, երբ երկնային գանձեր հաւաքելու ձգտինք եւ ոչ երկրաւոր, երբ սորվինք չդատել, որպէսզի չդատուինք, երբ Աստուծոյ կամքը կատարենք եւ ոչ թէ մեր կամքը:
Եկուր Մանուկ Յիսուս եւ մեր սիրտերուն մէջ բնակէ, որպէսզի քեզի պէս դառնանք: ԱՄԷՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.